ՄԱԿ-ի կազմած աշխարհի ամենաերջանիկ երկիրներու ցանկին մէջ Հայաստան կը գրաւէ 129-րդ տեղը: The World Happiness Report-ի մէջ ընդամէնը 156 երկիր ընդգրկուած է: Վրաստանը 128-րդն է, Ատրպէյճանը` 87-րդ:
Երկրի գնահատման ժամանակ հաշուի առնուած են կեանքի տեւողութիւնը, ընկերային աջակցութիւնը, փտածութիւնը եւ այլ ցուցանիշներ:
Ֆինլանտիան դարձած է ամենաերջանիկ երկիրը: Երկրորդ տեղը Նորվեգիան է: Բացի այդ, Դանիան, Իսլանտիան, Զուիցերիան, Հոլանտան, Գանատան, Նոր Զելանտան, Շուէտը եւ Աւստրալիան յայտնուած են առաջին տասնեակին մէջ: