Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

«Կլոր Սեղան» Հիմնադրամը Նոր Ծրագիր Սկսած Է Սուրիահայ Երիտասարդներու Համար

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Հայաստանեան միջեկեղեցական բարեգործական «Կլոր սեղան» հիմնադրամը (ՀԿՍ) կը սկսի սուրիահայ երիտասարդներու աջակցութեան նոր ծրագիր:

Ծրագիրին նպատակն է աջակցիլ անոնց հայաստանեան կեանքին մէջ  ընդելուզուելու հարցով` տրամադրելով կարողութիւններու զարգացում, ֆինանսական աջակցութիւն, հոգեւոր եւ հոգեբանական աջակցութիւն:

Ծրագիրով հետաքրքրուած սուրիահայ երիտասարդներուն եւ կազմակերպութիւններուն կը խնդրենք դիմել Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան միջեկեղեցական բարեգործական Կլոր սեղան հիմնադրամին (ՀԿՍ):

Ելեկտրոնային հասցէ` info@roundtable-act.am.

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան միջեկեղեցական բարեգործական «Կլոր սեղան» հիմնադրամը (ՀԿՍ) միջեկեղեցական կազմակերպութիւն է, որ հիմնադրուած է 1996-ին: Կլոր սեղան հիմնադրամը եկեղեցիներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ սերտ համագործակցութեամբ աշխուժօրէն կը նպաստէ աղքատութեան վերացման, կայուն համայնքներու զարգացման, եկեղեցւոյ` հասարակական աշխատանքներու մէջ աշխոյժ ներգրաւուածութեան, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման: ՀԿՍ-ն իր գործունէութիւնը կը կեդրոնացնէ հիմնականին մէջ հետեւեալ ուղղութիւններով` համապարփակ համայնքային զարգացում եւ սարկաւագութիւն, կարողութիւններու զարգացում, տարածաշրջանային խաղաղութիւն եւ հաշտեցում, արտակարգ իրավիճակներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին