Լոս Անճելըսը Կեդրոնական գրադարանին մէջ պիտի բացուի երկու ցուցադրութիւն` հիմնուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներու սերունդներու ժառանգած խոցի մտապատկերին վրայ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին կը տեղեկացնէ Los Angeles Times-ը:
Հիմնական ցուցադրութեան ներկայացուած են եօթը արուեստագէտի աշխատանքներ (լուսանկարներ, յուշատետրեր, ձեռագործ), որոնք կ՝ուսումնասիրեն իրենց կապերը Հայոց Ցեղասպանութեան հետ` վերաիմաստաւորելով ժառանգած հետքերը:
Այս ցուցահանդէսը պիտի բացուի Մարտ 17-ին եւ պիտի գործէ մինչեւ Մայիս 6:
Հաւաքածուները ոգեշնչուած են գրականագէտ Մարիանէ Հիրշի «Փոսթ-յիշողութեան» փորձէն, որ հիմուած է այն գաղափարին վրայ, թէ ինչպէս Հոլոքոսթը վերապրածներուն զաւակները կը յաղթահարեն ժառանգած խոցը:
Երկրորդ ցուցահանդէսը կը կրէ «բարգաւաճում, կորուստ, վերապրում. լուսանկարչական ճամբորդութիւն Տիլտիլեան ընտանիքի արխիւէն» խորագիրը: Մարտ 24-ին բացուող այս ցուցահանդէսին ներկայաւած պիտի ըլլան Տիլտիլեան ընտանիքի արխիւին մէջ պահուող յուշագրութիւնները եւ լուսանկարները, որոնք առնուած են Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ: