Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ուաշինկթընի մէջ այցելած է Ազգային շահերու կեդրոն, հանդիպում ունեցած ամերիկացի խումբ մը գիտնականներու եւ փորձագէտներու հետ եւ հանդէս եկած ելոյթով:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան տեղեկութիւններով` նախագահ Սահակեան անդրադարձած է Արցախի մէջ պետականաշինութեան գործընթացին, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերող հարցերուն:
Նախագահը կարեւոր եւ օգտակար համարած են նման հանդիպումներն ու քննարկումները՝ նշելով, որ անոնք հնարաւորութիւն կու տան անմիջականօրէն ծանօթանալու իրավիճակին եւ չէզոքացնելու անոր խոչընդոտող կարծրատիպերը:
«Կ’ուզեմ ընդգծել, որ մենք շահագրգռուած ենք կայուն կապ հաստատելու առաջատար գիտահետազօտական կեդրոններու հետ՝ մշտապէս խորացնելու եւ ընդլայնելու այն, որ կը դիտարկենք իբրեւ միջազգային միտումները աւելի լաւ ըմբռնելու եւ հասկնալու, ինչպէս նաեւ մեր երկրին մէջ գիտավերլուծական միտքը զարգացնելու կարեւոր ուղղութիւններէն»,- ընդգծած է իր ելոյթին մէջ նախագահ Սահակեանը:
Հանդիպման աւարտին Բակօ Սահակեան պատասխանած է ներկաներուն կողմէ բարձրացուած հարցերուն: