Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Արցախի Զօրամասերէն Մէկուն Մէջ Արկածի Հետեւանքով Զինծառայող Մը Զոհուած է

Մարտ 15-ին՝ ժամը 17:30-ի սահմաններուն, ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ փորձերու ժամանակ տեղի ունեցած արկածի մը հետեւանքով զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 1999-ի ծնունդ Էտկար Գէորգ Երեմեանը:

Արցախի ՊՆ-էն կը յայտնեն, որ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն, յարուցուած է քրէական գործ:

«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին