Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Այցելած է ԱՄՆ Քոնկրէս

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է ԱՄՆ Քոնկրէս:

ԱՀ նախագահի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան տեղեկութիւններով` նախագահը հանդիպում ունեցած է արտաքին հարցերով յանձնաժողովի խումբ մը անդամներու հետ, քննարկած Արցախ-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններիուն, ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:

Այնուհետեւ Քոնկրէսի մէջ կազմակերպուած է ընդունելութիւն` նուիրուած Արցախեան շարժումի 30-րդ տարեդարձին:

Իր խօսքին մէջ նախագահը կարեւոր համարած է Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր բարձրագոյն մարմինի մէջ կազմակերպուած հանդիպումները, նշելով, որ անոնք նաեւ կը մեծցնեն մեր պատասխանատւութեան աստիճանը` յամառ ու քրտնաջան աշխատանք իրականացնելու, երկկողմ յարաբերութիւնները ալ աւելի խորացնելու ու զարգացնելու գործին մէջ:

«Ես լաւատես եմ` այդպէս ալ պիտի ըլլայ, քանի որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները մենք կը դիտարկենք իբրեւ բարեկամ երկիր, պետութիւն, որ միլիոնաւոր հայերու համար դարձած է երկրորդ հայրենիք: Լաւատես եմ, որովհետեւ մենք այստեղ ունինք հաւատարիմ, ազնիւ եւ անշահախնդիր բարեկամներ, որոնք արդէն երկար տարիներ մշտապէս Արցախի հետ են, կ’աջակցին մեր ժողովուրդին, աշխարհին ճշմարիտ տեղեկութիւններ կը ներկայացնեն մեր երկրի մասին: Մենք բարձր կը գնահատենք մեր բարեկամական կապերը` զանոնք համարելով մեծ հարստութիւն»,- շեշտած է իր ելոյթին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը:

Բակօ Սահակեան նշած է, որ մեր հանրապետութեան մէջ կարեւոր կը համարեն ամերիկացիներու սատարումը Արցախին, եւ այստեղ իրենց ուրոյն տեղը ունին ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատն ու Ծերակոյտը, մեր բարեկամ քոնկրէսականներն ու ծերակուտականները:

Նախագահը արժեւորած է Ուաշինկթընի շօշափելի դերակատարութիւնը մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման, ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ եւ արդարացի կարգաւորման գործին մէջ:

«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու զարգացումն ու խորացումը եղած է, կայ եւ պիտի մնայ մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնարար ուղղութիւններէն մէկը»,- ընդգծած է Նախագահ Սահակեան:

Նախագահը Արցախի Հանրապետութեան պետական պարգեւներ յանձնած է ԱՄՆ խումբ մը քոնկրէսականներու եւ ծերակուտականներու` Արցախին սատարելու եւ Արցախ-ԱՄՆ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ շօշափելի ներդրում ունենալու համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին