Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․ Պիտի Այցլէ Ուքրանիա

Գարեգին Երկրորդ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Մարտ 16-17 պիտի այցելէ Ուքրանիա եւ պիտի գլխաւորէ հայկական սփիւռքի շարք մը ձեռնարկներ, կը հաղորդէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ թեմը:

Մարտ 16-ին կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը պիտի կատարէ Ուքրանիոյ մայրաքաղաքին մէջ կառուցուող հայկական տաճարի հիմքի օրհնութիւնը: Ձեռնարկին պիտի մասնակցին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ թեմի առաջնորդ եպիսկոպոս Մարկոս Յովհաննիսեանը, Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վիլեն Շատուորեանը, Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անդրանիկ Մանուկեանը, տարածաշրջանային հայկական համայնքներու ղեկավարներ, հոգեւորականներ, կը յայտնէ news.am-ը:

Օծումէն ետք Գարեգին Երկրորդը պիտի մասնակցի Ուքրանիոյ հայերու միութեան համաժողովին։

Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ քահանայ Կարապետ Ղարիբեանի փոխանցմամբ`  Գարեգին Բ․ Ուքրանիա կատարած այցի ծիրէն ներս Մարտ 17-ին պիտի կատարուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծման եւ բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Քիեւի մէջ կառուցուող տաճարը պիտի ըլլայ Եւրոպայի հայկական մեծագոյն եկեղեցիներէն մէկը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին