Ուրբաթ, 08. 12. 2023

spot_img

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Աշակերտները Կը Նշեն Ուսուցչաց Տօնը

Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2018-ին Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները յատուկ հանդիսութեամբ մը նշեցին Ուսուցչաց Տօնը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք 12-րդ դասարանի աշակերտուհի Սէրլի Կարապետեան հայերէնով եւ 11-րդ դասարանցի աշակերտուհի Կասիա Տէրտէրեան անգլերէնով բացման խօսք կատարելով նշեցին, թէ ուսուցիչի մը դերը շատ արժէքաւոր եւ անփոխարինելի է, եւ այսօր առիթը կ’օգտագործենք մեր սէրն ու յարգանքը արտայայտելու մեր ուսուցիչներուն հանդէպ, որոնք տարիներ շարունակ մեզի տուին դաստիարակութիւն, հմտութիւն եւ գիտութիւն:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ մանկապարտէզի մանուկներուն բերնէն հնչող թեւաւոր խօսքերով, որուն միջոցաւ անոնք լուսարձակի տակ առին ուսուցիչին նուիրական առաքելութիւնը եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին անոր անսակարկ ծառայութեան համար:    

            Յաջորդաբար բեմ բարձրացան 2-րդ դասարանի աշակերտները՝ երգով, դպրոցին պարախումբը ներկայացուց ռուսական եւ իտալական պարեր, 4-րդ կարգի աշակերտները՝ «Ուսուցիչներուն» խմբային արտասանութեամբ, իսկ 3-րդ դասարանի աշակերտները՝ «Thank You Teachers» խմբային երգով: Ապա առաջին դասարանցիները ներկայացուցին «Ով Ուսուցիչ» երգը, որուն յաջորդեց 7-րդ դասարանցիներ Աքասիա Ազատեանի եւ Ճիւլի Այվազեանի ասմունքը՝ «Teachers For All Seasons», այնուհետեւ 6-րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին «Եօթը Ազնիւ Պատգամ» բանաստեղծութիւնը:  4-րդ դասարանցի Գարլա Ռուպէլեան ասմունքեց «Դաստիարակին» քերթուածը: 11-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին իրենց ուսուցիչներուն՝ մէկ առ մէկ նշելով անոնց անուները եւ յատկութիւնները: Իսկ աւարտական բաժնի աշակերտները «Դպրոցի Ճամբան» երգով իրենց վերջին յիշատակները կազմեցին, նախքան դպրոցին հրաժեշտ տալը քանի մը ամիս ետք: 

Աւարտին, վարժարանիս վարչական մեծաւոր Արամ Գարատաղլեան բեմ բարձրացաւ եւ տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը պատրաստողներուն եւ ներկայացնողներուն եւ շնորհաւորեց բոլոր ուսուցիչները: Ան նաեւ շնորհաւորեց բոլոր կիները, կանանց միջազգային օրուան առիթով, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տիկնանց յանձնախումբին, որ իր իւրայատուկ ձեւով մասնակից դարձաւ պատուելու վարժարանի ուսուցիչները:

 

Լրատուական Մարմին  
Հայ Կաթողիկէ Ս. ԽաչՀարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին