Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Չեխիոյ Ցեղասպանութիւններու նուիրուած թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող նիւթեր

Չեխիոյ Թերեզին քաղաքին մէջ Մարտ 9-ին տեղի ունեցաւ Թերեզինշտադտի Ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին կից թանգարանի բացումը, որուն մասնկացեցաւ Չեխիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սէյրանեան:

Թանգարանի բացման արարողութիւնը սկսաւ Ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի գեղարուեստական ղեկավար Պաւել Խալուպան խօսքով, որմէ ետք ելոյթներ ունեցան կեդրոնի տնօրէն, Հայաստանի  մէջ յայտնի ցեղասպանագէտ Շիմոն Կրպեցը, Թերեզինի քաղաքապետ Հանա Ռոժցովան, ապա ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, ՀՀ դեսպանը բարձր գնահատեց 2012 թուականէն «9 դարպաս» փառատօնի եւ «Չարիքի հնէաբանութիւն» ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրման կեդրոնի (որու իրաւայաջորդն է Թերեզինշտադտի կեդրոնը) գործունէութեան ներս Փաւել Խալուպայի եւ Շիմոն Կրպեցի հետ սկսած համագործակցութիւնը։ Այս ծիրէն ներս դեսպանը ընդգծեց ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ցեղասպանութեան նիւթի դասաւանդման դերը ապագային ցեղասպանութիւններու կանխարգելման եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի գործին մէջ:

Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Չեխիոյ խորհրդարանի գործող եւ նախկին պատգամաւորներուն 2017 թուականի Ապրիլ 25-ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ ընդունելու համար: ՀՀ դեսպանը խօսեցաւ նաեւ Թերեզինշտադտի կեդրոնի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի համագործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին:

Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ սոցիալ-դեմոկրատ նախկին պատգամաւոր, ՀՀ նախագահի կողմէ «Մխիթար Գօշ» մետալով պարգեւատրուած Րոպին Պիոհնիշը, որ եղած է Թերեզինշտադտի կեդրոնի եւ թանգարանի նախաձեռնողներէն մէկը: Ան չափազանց կարեւոր համարեց կեդրոնի գործունէութիւնը եւ ապագայ սերունդներուն ճշմարտութիւնը հասցնելու հրամայականը: Իր խօսքով, «Հայոց Ցեղասպանութեան պարագային շատ քիչ վերապրողներ մնացած են: Մինչդեռ աշխարհի մէջ չկայ հայ մը, որուն ընտանիքը ցեղասպանութեան հետեւանքները կրած չըլլայ: Հետեւաբար, այսօրուան վկայութիւնները պահելով ու յանձնելով թանգարաններուն, նաեւ կը կանխարգիլենք չարիքի ընդլայնումը, որ առկայ է նաեւ համացանցի մէջ»:

Նորաբաց թանգարանին մէջ ցուցադրուած են ոչ միայն Հոլոքոսթին նուիրուած ցուցանմոյշներ, այլեւ այլ ոճրագործութիւններուն, որոնց մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող նիւթեր: Թանգարանի ղեկավարութիւնը կը ծրագրէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի օժանդակութեամբ զգալիօրէն ընդլայնել եւ հարստացնել թանգարանի հայկական հաւաքածոն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին