Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

ԵԱՀԿ դիտարկում՝ Մարտունիի Ուղղութեամբ

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ԵԱՀԿ առաքելութիւնը հրադադարի ռեժիմի ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին՝ Մարտունիի շրջանի Քուրոպաթկինօ բնակավայրէն դէպի հարաւ-արեւելք։ 

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնականներ Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովա) եւ Կենատիէ Փեթրիքան (Մոլտովա), ինչպէս նաեւ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից  Մարթին Շուսթըրը (Գերմանիա):

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու դիտարկման ընթացքին եւ ապահովելու ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամներու անվտանգութիւնը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին