Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

ՌԱԿ Յայտարարեց Իր Ընտրական Ծրագիրն ու Թեկնածուներուն Անունները

Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնէն յայտարարուեցաւ 2018-ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու  ՌԱԿ-ի ընտրական ծրագիրն ու թեկնածուներու լրացուցիչ կազմը:

Արդարեւ  Ուրբաթ 9 Մարտ 2018-ի յետմիջօրէին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի ընտրական գերագոյն մարմինին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, որ իր ներկայութեամբ պատուեց ՌԱԿ-ի նախկին Երեսփոխան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեան, ասուլիսին  ներկայ լրատուամիջոցներուն միջոցաւ հանրութեան ներկայացուեցաւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար ՌԱԿ-ի որդեգրած ծրագիրը ու Լիբանանեան Ուժերու հետ ընտրական եւ քաղաքական դաշինք մը կնքած ըլլալու փաստը, որուն միջոցաւ դաշնակից կուսակցութիւնները ընտրապայքար պիտի մղեն Պէյրութի եւ Մեթնի ընտրաշրջաններուն մէջ:

Պէյրութի ընտրաշրջանին համար ատենէ մը ի վեր արդէն իսկ որպէս թեկնածու արժանաբար որդեգրուած ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեանի կողքին ընտրապայքար պիտի մղեն Տիկ. Ալինա Կիւլվանէսեան-Տագէսեան եւ ընկ. Տիրան Սարգիսեան: Իսկ Մեթնի ընտրաշրջանի համար ՌԱԿ-ի թեկնածուն պիտի ըլլայ ընկ. Արա Գոյունեան, որ մաս կը կազմէ նշեալ շրջանին համար արդէն իսկ կազմուած Լիբանանեան Ուժերուն 8 անդամնոց ամբողջացած ցանկին:

ՌԱԿ-ի ծրագիրը արաբերէն լեզուով ընթերցեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր, ՌԱԿ Լիբանանի Ընտրական Գերագոյն Մարմինի անդամ եւ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր ընկ. Սեւակ Յակոբեան (շուտով պիտի հրապարակենք ամբողջական ծրագիրը), որուն աւարտին Ընկ. Յակոբեան ներկայացուց ՌԱԿ-ի թեկնածուները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր հակիրճ խօսքը արտասանեց (թեկնածուներուն մասին լայնօրէն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ):

Որպէս կեդրոնական լոզունգ որդեգրուած «Ընտրէ՛ Ազատ. Ընտրէ՛ Ռամկավարները» նշանաբանով ՌԱԿ իրեն դաշնակից Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան հետ միասնաբար  պիտի փորձէ լաւագոյն արդիւնքները ապահովել յառաջիկայ Մայիս 6-ին, ընտրողները ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի լիբանանահայութիւնը մղելով կաշկանդումներէ հեռու եւ ազատօրէն ընտրելու իրենց յարմար տեսած անձը յօգուտ երկրին մէջ առողջ եւ ժողովրդավարական մշակոյթի զարգացման ու ամրապնդման:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին