Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Այցելութիւն ՀՀ Դամասկոսի Դեսպանատուն

ԵՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Երկուշաբթի, 5 Մարտ 2018-ին ՌԱԿ Դամասկոսի Շրջանային վարչութիւնը, Դամասկահայ գաղութը ներկայացնող քոյր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններուն հետ միասին, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի թեմի Ազգ. Գաւառական եւ քաղաքական խորհուրդներու համատեղ կազմով, Դամասկոսի առաջնորդ գերշ. Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազոր դեսպան Պրն. Արշակ Փոլատեանի հետ Հ.Հ. Դամասկոսի դեսպանատան մէջ:

Հանդիպման ընթացքին պատուիրակութիւնս խնդրեց Պրն. Դեսպանին Դամասկոսի ՌԱԿ եւ ԹՄՄ շրջանակի շնորհաւորանքը փոխանցել Հ.Հ. նորընտիր նախագահ Պրն. Արմէն Սարգսեանին իր պատուաբեր պաշտօնը ստանձնելու առթիւ, յաջողութիւն մաղթեց իր ազգային առաքելութեան մէջ, վստահութիւն եւ հաւատարմութիւն յայտնեց անոր՝ ընդգծելով, որ նման հայրենանուէր, բանիմաց եւ ազնիւ անձնաւորութեան, ՀՀ նախագահի պատասխանատու պաշտօնի վրայ տեսնելը խոստմնալից երեւոյթ է հայ ժողովուրդին համար ընդհանրապէս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար մասնաւորապէս:

Այնուհետեւ ՌԱԿ պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ կառավարութեան, որ անցած 5 օրհասական տարիներուն ընթացքին Դամասկոսի ՀՀ դեսպանատունն ու Հալէպի հիւպատոսարանը ՀՀ կառավարութեան որոշումով դռները բաց պահած են ու շարունակած են գործել՝ առաջնորդուելով այն սկզբունքով, որ կ’ըսէ. «Այնտեղ որտեղ գոյութիւն ունի հայկական գործօն ու եռանդուն գաղթօճախներ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր պաշտօնական հանգամանքով ներկայ պէտք է գտնուի»: Պատուիրակութիւնս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Արշակ Փոլատեանին Հ.Հ. կառավարութեան այս որոշումը պատուով ու հերոսաբար իրականացնելու համար:

Հանդիպման ընթացքին Պրն. Փոլատեան ամփոփ ձեւով ներկայացուց նորընտիր նախագահի կենսագրականը, քաղաքական ու կազմակերպչական փորձը, ինչպէս նաեւ լուսաբանեց ՀՀ նոր սահմանադրութեան, կառավարման համակարգի, խորհրդարան – նախագահ – վարչապետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ որոշ մանրամասնութիւններ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին