Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Դրուագներ Անձնական Փորձառութենէս Երկրորդ Մաս

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Պետական Անիրաւ Օրէնք . . .

1972-ի աշնան գացի Սէուտական Արաբիոյ Տահրան քաղաքը` աշխատելու Արամքօ ընկերութեան մէջ` որպէս անգլերէն լեզուի ուսուցիչ։

Դասաւանդութեանց չսկսած՝ պէտք էր մասնակցէինք երկու օրուան ընթացքին գումարուած կողմնորոշման (orientation) յատուկ նիստերու։ Այդ նիստերու ընթացքին մեզ տեղեկացուցին երկրի կենցաղին, քաղաքական կառոյցին եւ Արամքօ ընկերութեան գործելակերպի մասին։

Մեզ յատկապէս զգուշացուցին հեռու մնալ ոգելից ըմպելիքներէ եւ քաղաքական կամ կրօնական հարցերէ։ Մեր ուսանողներն էին ընկերութեան պաշտօնեաները, որոնցմէ ոմանք կը ղրկուէին՝ խօսակցական անգլերէնի տիրապետելու, իսկ ուրիշներ՝ հետեւելու երկրորդական վարժարանի դասընթացքներուն։ Յետագային անոնք պիտի ստանային համալսարանական ուսում եւ վերադառնային՝ նշանակուելու ընկերութան վերի խաւի պաշտօններուն։

Ամիս մը չանցած, զիս դարձեալ կանչեցին ընկերութեան՝ պաշտօնեաներու հարցով զբաղող գրասենեակը։ Հոն՝ ինծի տեղեկացուցին, որ ամսականէս հինգ տոկոս պիտի զեղջեն ղրկելու համար Պաղեստինի Ազատագրման Կազմակերպութեան (PLO)։

Ինչո՞ւ, որովհետեւ ես Պաղեստինցի եմ։ Երբ առարկեցի, թէ ես Յորդանանի հպատակ եմ, ջրեցին առարկութիւնս՝ պնդելով, թէ քանի որ Երուսաղէմ ծնած եմ, ինչ հպատակութիւն ալ կրեմ, Պաղեստինցի կը նկատուիմ։

Առաւել, զիս պարտադրեցին ստորագրել վկայագիր մը, թէ ես կամաւոր կերպով ամսականէս հինգ տոկոս կը տրամադրեմ ՊԱԿ-ին . . . Մերժելու պարագային, սպառնացին զիս գործէ արձակել եւ վե՛րջ:

1976-գարնան հրաժարեցայ պաշտօնէս եւ եկայ Ամերիկա։ Երբ թոշակս պահանջեցի, ըսին, թէ 65 տարիքս թեւակոխելէ ետք պիտի վճարեն։ Ես եղայ 75 տարեկան եւ տակաւին կը սպասեմ այդ հատուցման . . . Թերեւս ինծմէ աւելի իրենք պէտք ունին այդ ջնջին գումարին:

Զինուորական Ապիկար Սպայ . . .

1973-ի ամրան մէկ ամսուան արձակուրդով մեկնեցայ Պէյրութ, ուր պիտի միանայի Հալէպէն եկած մօրս։ Հալէպ չէի կրնար երթալ, որովհետեւ զինուորական պարտադիր ծառայութենէ խուսափած էի։

Այդ մէկ ամսուան արձակուրդին մէկ շաբաթը որոշեցի անցընել Գահիրէ՝ ծանօթանալու անոր պատմական եւ այլ տեսարժան վայրերուն։ Պէյրութի մէջ այդ ճամբորդութեան ինծի միացաւ երբեմնի բարեկամս եւ այժմ հանգուցեալ Արմենակ Տիրատուրեանը։ Ուրախութիւնս մեծ եղաւ, քանի որ ընկերակից մը պիտի ունենայի։

Գահիրէ մեր հասնելուն յաջորդ օրը, Եգիպտոս Իսրայէլի դէմ պատերազմ յայտարարեց։ Օդակայանը գոցուեցաւ եւ մենք մնացինք անորոշ վիճակի մը մէջ։ Հիմա ի՞նչպէս պիտի վերադառնայինք Պէյրութ եւ անկէ ալ՝ իմ պարագայիս, Թեհրան։

Լիբանանեան ճամբորդական ընկերութեան (Middle East Airlines) գրասենեակը մեզ խորհուրդ տուաւ նաւով երթալ Աթէնք, որմէ ետք անոնք պատրաստ էին մեզ փոխադրել Պէյրութ։ Յունաստան մուտքի վիզա առնելու համար գացինք Յունաստանի հիւպատոսարանը, որոնք մերժեցին՝ առարկելով, թէ մեր երկիրներէն պէտք է առած ըլլայինք վիզան։ Ես՝ Ամմանէն, իսկ Արմենակը՝ Դամասկոսէն։

Վերոյիշեալ ընկերութիւնը այս անգամ մեզ խորհուրդ տուաւ ցամաքի ճամբով երթալ Լիպիոյ Պէնղազի քաղաքը, որմէ ետք իրենք պատրաստ էին մեզ փոխադրել Պէյրութ։ 26 ժամուան տաժանակիր ճամբորդութիւն մը պիտի ըլլար այս մէկը, քանի որ Ռամատան էր։ Բայց դժբախտաբար ուրիշ ելք չունէինք։

Իրիկուան մը ժամը 4-ին, ութ հոգիով ճամբայ ելանք դէպի Պէնղազի։ Վարորդը խոստացաւ Լիպիոյ սահմանը գտնուող Թպրող քաղաքը հասնելէ ետք մի քանի ժամ քնանալ եւ հանգստանալ։ Բայց երբ հոն հասանք, ան երեսը աղբիւրի պաղ ջուրով լուաց եւ հրաւիրեց բոլորս, որ ճամբայ ելլենք։

Ես մերժեցի, որովհետեւ ամբողջ ճամբու երկայնքին անոր քունը կը տանէր եւ ես էի, որ զինք կը սթափեցնէի։ Խորհեցայ, որ ուրիշ ինքնաշարժով մը աւելի հանգիստ եւ ապահով կրնայի ճամբորդել։ Բայց եկո՛ւր, տե՛ս, որ վարորդը ոչ եգիպտական ոսկի եւ ոչ ալ ամերիկեան տոլար կ’ընդունէր՝ որպէս վարձք։

Ճարահատ գացի մօտակայ դրամատունը, որպէսզի դրամական փոխանցում կատարէի։ Անոնք ալ մերժեցին, որովհետեւ սահմանը (declare) չէի ըրած։ Ա՛ռ քեզի պատուհաս… Սակայն խորհուրդ տուին երթալ զինուորական մօտակայ բանակավայրը, ուր սպան պէտք էր արտօնէր՝ անցագիրիս մէջ ստորագրելով։

Մէկ ձեռքս ճամբորդական պայուսակս եւ ուսէս ալ լուսանկարչական մեքենաս կախուած, մտայ զինուորական բանակավայրը եւ ուղղուեցայ դէպի սպային գրասենեակը։ Առաջին հերթին ան պախարակեց զիս՝ ըսելով, որ զինուորական բանակավայի մէջ լուսանկարչական մեքենայ չի թոյլատրուիր։

Ինչ որ է, երբ բացատրեցի նպատակս, զարմանքով հարցուց, թէ ինչո՛ւ գոց էր Գահիրէի օդակայանը։ Աւելին, ան հարցուց նաեւ, որ ի՛նչ գիտէի, թէ Պէնղազիի օդակայանը բաց էր։ Անդրադարձայ, որ անտեղեակ էր ներկայ քաղաքական անցուդարձներուն, սակայն հարց չյարուցանելու համար զինք գովեցի եւ աղաչեցի, որ լուծէ իմ խնդիրս՝ ստորագրելով անցագրիս մէջ։

Իրիկուան ժամը ութին հասայ օդակայան եւ ուզեցի ծարաւս յագեցնել, մերժեցին՝ ըսելով, որ պէտք էր մայրամուտին սպասէի։ Ընկերս փնտռեցի, սակայն ի՜ զուր։ Օդանաւը ժամը տասին թռիչք պիտի առնէր եւ վերջապէս քառորդ ժամ առաջ հասաւ ընկերս առանց պայուսակի։

Երբ հարց տուի, բացատրեց, թէ մայրամուտին ինքնաշարժը կանգ առած էր ճաշարանի մը մօտ, որպէսզի ծոմապահները ընթրէին։ Ընթրելէ ետք անոնք անդրադարձած էին, թէ բոլորին պայուսակները գողցուած էին, ինքնաշարժին տանիքէն։ Անմիջապէս կ’երթան մօտակայ ուստիկանատունը՝ փողոք ներկայացնելու, սակայն ապարդիւն։ Ոստիկանապետը ինքնավստահօրէն կը յայտարարէ, թէ Լիպիոյ մէջ գողեր չկան:

Պէյրութ, որ հասանք, ընկերոջս իմաստուն մայրը սապէս արտայայտուեցաւ ընկերոջս գլխուն եկած փորձանքին առիթով, զոր կը ներկայացնեմ՝ թրքերէնէ թարգմանուած։ «Ճամբէն բաժնուիր, սակայն ճամբու ընկերէդ մի՛ բաժնուիր»: Այս խրատը տակաւին մինչեւ օրս ականջիս մէջ յստակօրէն կը հնչէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին