«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի եւ Արցախի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ կառուցուող Մարտակերտի շրջանի Գետաւան գիւղի համայնքային կեդրոնի շինարարական աշխատանքները աւարտման փուլի մէջ են:
Այս մասին, ըստ «Արցախփրես»-ի, ըսած է Գետաւանի համայնքի ղեկավար Արարատ Զաքարեան` աւելցնելով, որ շինարարական աշխատանքները մեկնարկած էին 2015-ին:
«Կառոյցը երկյարկանի շինութիւն է, որ իր մէջ պիտի ներառէ գիւղապետարանը, հանդիսութիւններու դահլիճ, գրադարան, համակարգչային սենեակ, նախասրահ: Շէնքը կահաւորուած է եւ ունի ջեռուցման ու օդափոխութեան համակարգ»,- նշած է Զաքարեան եւ ընդգծած, որ նման կեդրոններու կառուցումը ոչ միայն կ’անդրադառնայ գիւղի շարք մը խնդիրներու լուծման, այլեւ կ’ապահովէ արդիւնաւէտ ու համակարգուած գործունէութիւն:
Համայնքի ղեկավարին խօսքով` 400 բնակիչ ունեցող գետաւանի գիւղապետարանը տեղակայուած է դպրոցի դասասենեակներէն մէկուն մէջ:
«2017-2018 ուսումնական տարին դպրոցը ունի 88 աշակերտ, նախադպրոցական տարիքի երեխաներուն թիւը կը կազմէ 63: Գիւղին մէջ, սակայն, մանկապարտէզ չկայ: Համայնքային կեդրոնի շահագործումէն ետք դպրոցական շէնքի սենեակներուն մէկ մասը կը նախատեսուի օգտագործել որպէս մանկապարտէզ»,- ըսած է ան: