Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Ասիական Զարգացման Դրամատունը 32 Միլիոն Տոլարի Վարկ Կը Տրամադրէ «Սպայկա» Ընկերութեան

Ասիական զարգացման բանկը (ԱԶԲ) 32 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիր ստորագրեց «Սպայկա» ընկերութեան հետ: Վարկի նպատակն է օժանդակել ընկերութեան ջերմոցային գործառնութիւններու ընդլայնման եւ արտածման ծաւալներու մեծացման գործին: Ծրագիրով 30 հեքթար տարածքով ջերմոց պիտի կառուցուի լոլիկի եւ պուլկարական պղպեղի տարեկան արտադրութիւնը հասցնելով 10 միլիոն քիլոկրամի եւ 2 միլիոն քիլոկրամի՝ համապատասխանաբար:

Այս ծրագիրը թոյլ կու տայ ընդլայնել «Սպայկա» ընկերութեան գործունէութիւնը մասնաւորապէս գիւղատնտեսութեան եւ մատակարարման շղթայի կառավարման ոլորտներուն մէջ:

Արտադրանքը պիտի արտածուի մասնաւորապէս Ռուսիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

Կ’ակնկալուի, որ այս ծրագիրին շնորհիւ ստեղծուին 275 նոր աշխատատեղիներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին