Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Ֆրեզնոյի Քաղաքապետը Խոստացած Է Աջակցիլ Սարոյեանի Թանգարանի Ծրագիրին

Ֆրեզնոյի մէջ «Մշակութային եւ մտաւորական զարթօնք» հիմնարկին նախաձեռնած «Սարոյեանի Տուն» («Saroyan House») թանգարանի բացումը կը նախատեսուի 2018-ի Օգոստոս 31-ին՝ Ուիլեըմ Սարոյեանի ծննդեան 110-րդ տարեդարձին օրը:

Ըստ «Mediamax»-ի՝ Փետրուար 23-ին, նախագիծի համակարգող Աւագ Սիմոնեան, «Ստորակէտ» ճարտարապետական գրասենեակի համահիմնադիր Մերուժան Մինասեան եւ «Սարոյեան Տան» հոգաբարձուներու խորհուրդի պատուոյ անդամ ու Գալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ամպիոնէն փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լի Պրանտին ներկայացուցած են նախագիծին մանրամասնութիւնները: Վերջինս ողջունած է ծրագիրը եւ աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած:

Հանդիպման ընթացքին շեշտուած է, թէ Սարոյեանի կեանքի յայտնի եւ անյայտ դրուագներուն մասին պատմող «Սարոյեանի Տուն» թանգարանը պիտի դառնայ Ֆրեզնոյի մշակութային եւ կրթական կարեւոր կեդրոններէն մէկը:

Կը ծրագրուի 2729 W. Griffith Way հասցէին գտնուող թանգարանը վերածել Սարոյեանի մասին ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի մը. հոն պիտի հաւաքուին Սարոյեանի հեղինակած կամ Սարոյեանի մասին գրուած գիրքեր, ինչպէս նաեւ՝ լուսանկարներ, տեսանիւթեր, օրագրային էջեր, նամակներ, անոր գործերուն նախնական օրինակները, գծագրութիւններ, նկարչութիւններ եւ հեղինակին պատկանած այլ իրեր:

Այս ծրագիրին զուգահեռ, «Մտաւորական Զարթօնք» հիմնարկը կը պատրաստէ Սարոյեանի կեանքին եւ ստեղծագործութեանց նուիրուած համացանցային կայք մը՝ saroyanhouse.com հասցէով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին