Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Ֆրանքոֆոնիայի Ձեռնարկները Պիտի Մեկնարկեն Մարտ 12-ին

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը այս տարի ֆրանքոֆոնիայի ձեռնարկներ կը կամակերպէ Մարտ 12-էն Ապրիլ 12:

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ երէկ ըսած է, որ Ֆրանքոֆոնիայի միամսեակը մեծ դեր ունի Հայաստանի մէջ ֆրանսերէն լեզուի ամրապնդման գործին:

«Կը ցանկանք, որ այս մէկ ամիսը դառնայ տօն ֆրանսերէն լեզուն սիրողներու համար»,- նշած է դեսպանը:

Մէկ ամիս ֆրանսական մշակոյթը պիտի ներկայացուի կինոյի, երաժշտութեան, թատրոնի, տարբեր մրցոյթներու միջոցով:

Ծրագիրի մեկնարկը պիտի ըլլայ 2018-ի Մարտ 12-ին «Մոսկուա» կինոթատրոնին մէջ Զուիցերիոյ եւ Գանատայի դեսպանութիւններու հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուած Ֆրանքոֆոն ֆիլմերու 2-րդ փառատօնով:

Մարտ 19-էն 22 կը սպասուի ֆրանսահայ շէֆ խոհարար եւ «Պոքիւս մակազին» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Սոնիա Եզգիւլեանի եւ նկարազարդող ու ձեւաւորողի Կիյոմ Լոնի առաջին այցը Հայաստան:

ֆրանքոֆոնիայի միամսեակի միւս ձեռնարկները «Et en plus je parle français…en Arménie!» (Եւ բացի այդ` ես կը խօսիմ ֆրանսերէն … Հայաստանի մէջ) տեսահոլովակի եւ բանաւոր խօսքի մրցոյթն է, որ պիտի մեկնարկէ 2018-ի Մարտ 20-ին Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան www.culturefrance.am մշակութային նոր կայքին մէջ: Առաջին տեղը գրաւած մասնակիցը պիտի ստանայ Ֆրանսա մեկնելու հնարաւորութիւն:

Մարտ 24-ին հայկական «Ալիանս ֆրանսեզը» պիտի կազմակերպէ ֆրանսերէնի գրաւոր մրցոյթ, որուն կրնան մասնակցիլ 13-էն 25 տարեկան պատանիներ եւ երիտասարդներ:

Մարտ 30-ին եւ 31-ին Կիւմրին պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի մէջ Պատանի ֆրանքոֆոններու թատերական ազգային 2-րդ` «10-էն 10» փառատօնը:

Ֆրանքոֆոնիայի օրերը պիտի փակուին Ժիւլ Մասնէի «Մանոն» օփերայով, որուն ֆրանսերէն տարբերակը Ապրիլ 11-ին եւ 12-ին պիտի ներկայացուի Օփերայի եւ Պալէյի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին