Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Նախագահը Ժընեւի Մէջ

Շաբաթ, 3 Մարտ 2018-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըրին, որ յատուկ կերպով Պեռնէն եկած էր հանդիպում ունենալու Վեհափառ Հայրապետին հետ։

Հանդիպումին ներկայ էին Ուեպսթըր համալսարանի դասախօս եւ Արմենօֆասի նախագահ Տիկ. Թենի-Փիրրի Սիմոնեանը եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան հայ եւ Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն երկար տասնամեակներու գործակցութիւնը ծաւալելու հրամայականը։ Նշենք, որ յիշեալ գործակցութիւնը սկսած էր Կիլիկիոյ մէջ եւ առաւել շեշտաւորում ստացած յատկապէս յետՑեղասպանութեան շրջանին։ Այս ծիրէն ներս յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձաւ Արմենօֆաս հիմնարկի կանոնագրութիւնը ու գործունէութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու կարիքը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկու եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրացնելու կարելիութեան։

Ապա Դոկտ. Լոխըր ճաշի հիւրը եղաւ Նորին Սրբութեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին