Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի ազգային հերոս, Արցախի հերոս Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան օրուան առիթով Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` ծաղկեպսակ դրած սպարապետի շիրմին եւ յարգանքի տուրք մատուցած անոր յիշատակին:
Նախագահը պանթէոնին մէջ նաեւ ծաղիկներ խոնարհած է Հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին, որմէ ետք ներկայ գտնուած է Եռաբլուրի Ս. Վարդանանց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ տեղի ունեցող պատանի երկրապահներու օրհնութեան կարգին:
Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին եւ զուգահեռաբար բոլոր մարզերու մէջ երէկ կայացած «Պատանի երկրապահ» կառոյցի նորագիր անդամներու հանդիսաւոր երդման առիթով: