Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Հայաստանն Կ’ազատականացնէ Աւստրալիոյ, Նոր Զելանտիոյ, Սինկափուրի եւ Հարաւայի Քորէայի Քաղաքացիներու Մուտքը Երկիր

Աւստրալիոյ, Նոր Զելանտիոյ, Սինկափուրի եւ Հարաւային Քորէայի քաղաքացիները կրնան Հայաստան այցելել առանց մուտքի արտօնագիրի: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այդ մասին որոշման նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան Մարտ 6-ի նիստի օրակարգին վրայ:

Ըստ հիմնաւորման՝ որոշման ընդունումը թոյլ պիտի տայ վերոյիշեալ պետութիւններու քաղաքացիներուն այցելել եւ մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք առաւելագոյնը 180 օր ժամկէտով` մէկ տարուան ընթացքին ազատելով զանոնք մուտքի վիզա ձեռք բերելու պահանջէն: Ատիկա, ըստ ՀՀ կառավարութեան, ոչ միայն կը նպաստէ զբօսաշրջութեան խրախուսման ու խթանման, այլեւ նոր սկիզբ կը հանդիսանայ ժողովուրդներու հոգեւոր եւ պատմամշակութային արժէքներու փոխճանաչման, երկկողմ համագործակցութեան շարք մը նոր ոլորտներու ուրուագծման եւ զարգացման համար:

Որոշման նախագիծը նպատակ կը հետապնդէ ազատականացնել մուտքի վիզայի հետ կապուած յարաբերութիւնները Աւստրալական Միութեան, Նոր Զելանտիոյ, Սինկափուրի Հանրապետութեան, Քորէայի Հանրապետութեան հետ, նպաստել այդ երկիրներու քաղաքացիներու` Հայաստանի Հանրապետութիւն այցերու աճին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին