Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «MBC» մետիա ընկերութիւնը արգիլած է իրեն պատկանող 11 արաբական հեռուստաալիքներու եթերով ցուցադրել թրքական դիպաշարերը:
Արգելքը պիտի գործէ այնքան ժամանակ, մինչեւ յաւելեալ ծանուցում կատարուի: Նման որոշման համար յստակ պատճառ չի նշուիր, սակայն «MBC»-ի խմբակցութեան խօսնակ Մազէն Հայէք յայտարարած է, որ իրենք նպատակ ունին զարկ տալու արաբական հեռատեսիլային դիպաշարերու, որոնք որակապէս աւելի լաւ են ցուցադրութեան:
Կը նշուի, որ «MBC»-ին պատկանող 11 ալիքները կը սփռուին արաբական շարք մը երկիրներու մէջ:
Թէեւ յայտնի չէ, թէ որո՛նք են այս ընկերութեան բոլոր բաժնետէրերը, սակայն կը նշուի, որ ընկերութեան մէկ մասը կը պատկանի Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին:
«MBC»-ն հիմնադրուած է 1991-ին: Գլխաւոր կեդրոնը կը գտնուի Տուպայ: