Ինչպէս կը հաղորդէ «gulfnews.com» կայքը, միջազգային ճանաչում ունեցող 21 հայ արուեստագէտներու 100-է աւելի աշխատանք կը ցուցադրուի Տուպայի նորարարական կեդրոններէն մէկուն մէջ (Dubai Design District) գտնուող Art Hub Dubai պատկերասրահէն ներս կազմակերպուելիք ցուցահանդէսին, որ բաց պիտի ըլլայ մինչեւ Մարտ 26:
Ցուցահանդէսը կը կրէ «Ես չեմ վախնար թռչելէն» խորագիրը:
Հայաստանի «Կալա» պատկերասրահի հիմնադիր տնօրէն Նուշիկ Միքայէլեան ընդգծած է, թէ առաջինը, որ բոլորը կ’ըսեն հայկական արուեստի մասին, թեքնիկայի բարձր որակն է, ինչը անհամեմատելի է: «Սակայն միայն որակը չէ: Ատոր մէջ արտայայտուած է նաեւ հայկական մշակոյթի խորութիւնը: Հայկական մշակոյթը խոր արմատներ ունի, քանի որ հայ ժողովուրդը աշխարհի ամենահին ազգերէն մէկն է: Իսկ ժամանակակից արուեստը կը համարուի այդ հին մշակոյթի նորովի շարունակութիւնը»,- ըսած է Միքայէլեան:
Ան աւելցուցած է, որ իրենք կը ցանկան, որպէսզի մարդիկ Հայաստանին ծանօթանան արուեստի միջոցով: