Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի “The Armenian Church” (Հայ Եկեղեցին) Գիրքին Ֆրանսերէն, Գերմաներէն Ու Արաբերէն Թարգմանութիւնները Ամբողջացան

Շուրջ երկու տարիներ առաջ անգլերէն լեզուով գրած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին «The Armenian Church» (Հայ Եկեղեցին) գիրքին ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ արաբերէն թարգմանական աշխատանքները ամբողջացան։ Վերջին օրերու ընթացքին Ժընեւի մէջ, Վեհափառ Հայրապետը անձնապէս հետեւեցաւ յիշեալ գիրքին ֆրանսերէն ու գերմաներէն թարգմանութեան աշխատանքներուն։

Յայտնենք, որ ֆրանսերէն թարգմանութիւնը կատարուեցաւ Պէաթրիս Պէնկթըսոնի (Ֆրանսա) կողմէ, որ աստուածաբանութիւն ուսանած ըլլալով՝ փորձառութիւն ունի նման գիրքերու թարգմանութեան։ Գերմաներէն թարգմանութիւնը կատարուեցաւ Ռէնաթէ Սպեկհէնի (Գերմանիա) կողմէ, որ դարձեալ ծանօթութիւն ու փորձառութիւն ունի նման աշխատանքներու մէջ։ Արաբերէն թարգմանութիւնը կատարուեցաւ Հուրի Ազէզեանի (Սուրիա) կողմէ, որ մասնագէտ է արաբերէն լեզուի եւ կրօնագիտական լայն ծանօթութիւններ ունի։

Վերոնշեալ թարգմանութիւնները շուտով պիտի հրատարակուին։ Յայտնենք նաեւ, որ Նորին Սրբութեան նոյն գիրքը նաեւ պիտի թարգմանուի այլ լեզուներու։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին