Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Իսթանպուլի «Ժամանակ» Օրաթերթի Խմբագրապետ Արա Գոչունեանի Այցելութիւնը Պէյրութ

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի հրաւէրով Պէյրութ կը գտնուէր Իսթանպուլի «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագրապետ տիար Արա Գոչունեան, նշելու թերթին 110-ամեակը:

Յարգելի խմբագիրը Հինգշաբթի, Մարտ 1-ի երեկոյեան, Հայկազեան Համասլարանին մէջ կազմակերպուած  հրապարակային հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուց Ի. դարու առաջին տասնամեակին հիմնուած օրաթերթը, անոր անցած ուղին, կատարեց անոր պատմականը, անդրադարձաւ հիմնախնդիրներուն, կարեւորեց թերթին թուայնացման, տարածման հարցերը, նկարագրեց բովանդակութիւնը, թերթին յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը սփիւռքահայ մամուլին հետ: Ամփոփ, սակայն ընդգրկուն նկարագրականէն ետք, բանախօսին ուղղուեցան Պոլսոյ պատրիարքութեան, պոլսահայ կեանքին, մամուլին եւ դպրոցներուն վերաբերեալ հարցումներ:

Հանդիսութիւնը բացառիկ եւ աննախադէպ առիթ մըն էր, որպէսզի ներկայ հանրութիւնը՝ լիբանահայ կրթական, մշակութային, գրական եւ մամուլի նախանձախնդիր խմբագիրներն ու գրիչի մարդիկ անմիջական շփման մէջ մտնեն յարգելի բանախօսին հետ, մօտէն եւ անմիջականօրէն ծանօթանան պոլսահայ երիտասարդ ներկայացուցիչին հետ, ունենան լուսաբանական բացատրութիւններ եւ նկատումներ:

Լիբանան իր այցելութեան օրերուն, Պրն. Արա Գոչունեան այցելութիւններ տուաւ լիբանահայ կրօնական, կրթական, մամուլի, գրատպական հաստատութիւններու, հարցազրոյցներ ունեցաւ Վանայ Ձայնի եւ Ռատիօ Սեւանի հետ, հանդիպում ունեցաւ Հայկազեան Համալսարանի ուսանողութեան եւ հայ պաշտօնէութեան հետ:

Այս այցելութիւնը որոշակի շօշափելիութիւն մը հաղորդեց պոլսահայ իրականութեամբ շահագրգռուած լիբանանահայ մտաւորականութեան ըմբռնումներուն, վերաձեւեց զանոնք, առարկայականացուց եւ հիմնաւորեց տեսակէտներ, ինչպէս եւ բարեփոխեց այլ պատկերացումներ:

Նման այցելութիւններ կը ծառայեն հայօճախներու աւելի ճշգրիտ փոխճանաչումին, կը նպաստեն պատկերացումներու յստակացումին, որ կրնայ դուռ բանալ դրական հեռանկարներու:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին