ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Շաբաթ երեկոյեան ազնիւ հրաւէրովը Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ներկայ գտնուեցայ Վարդան Պետրոսեանի «Իմ Կիսատ Թողած Երգը» մենակատարութեան:
Կեանքիս ընթացքին չեմ յիշեր նման պարագայ մը, ուր ներկայացումը չաւարտած` սպասած եմ յաջորդին: Պետրոսեանինը եզակի էր այս իմաստով: Վարդան Պետրոսեան իր ժամանցային թէ ողբերգական ներկայացումներով, դասական կտորներով թէ ժամանակակից տրամաներով դերասան մը ու մենակատար մըն է, որուն ընտրած նիւթին հետ կրնաս շատ ալ համաձայն չըլլալ, ոչ ալ իր բոլոր տեսակէտները բաժնել, սակայն իմ համեստ կարծիքով չկայ մէկ հոգի, որ կրնայ կասկածի տակ առնել իր բեմական անզուգական տաղանդն ու մտային խորքը:
Բեմին ու հանդիսատեսին անկնալածն ու սպասածը լաւապէս գիտակցելով՝ Պետրոսեան կրցաւ աւելի քան երկու ժամ հարիւրաւոր մարդիկ կախարդուած պահել սրահին մէջ՝ ստեղծելով այնպիսի «օրա» մը, որ անօրինակ է նման պարագաներու համար:
Իր մարմնական եւ ձայնային հետաքրքրական կարողութիւններն ու հանդիսատեսին հետ ստեղծած միջանկեալ կապը շատ բարձր մնաց, որ իր գագաթնակէտին հասաւ ներկայացման աւարտին հանդիսատեսներուն ձեռք-ձեռքի հաւաքական երգով…:
Առաջին անգամը չէ, որ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը հանդուգն ներկայացումով հանդէս կու գայ, որուն համար աւելի քան գնահատելի ու շնորհաւորելի է: «Ժողովուրդի Թշնամի»-էն ետք Վարդան Պետրոսեանի «Իմ Կիսատ Թողած Երգը» լաւագոյն վկաներն են ըսածիս:
Ինչ կը վերաբերի լիբանանահայ հանդիսատեսին, ան բազմիցս զրպարտուած է՝ որպէս մակերեսային ներկայացումներ նախընտրող: Վարդան Պետրոսեանի մենակատարութեան ներկայ հանդիսատեսներու հոծ թիւն ու սրահին մէջ ունեցած ապրումները լաւագոյն փաստերն են, որ լիբանանահայ հանդիսատեսը խորապէս կ’ընկալէ իրեն հրամցուածը եւ լաւ է, որ ներկայացում կազմակերպողները իրենք դուրս գան մակերեսայնութենէն ու ժողովուրդին հրամցնեն այն ինչին որ ան արժանի է:
Կը մնայ Վարդան Պետրոսեանին ըսել, որ, հակառակ իր ընտրած նիւթին անձնական-զգացահոգեբանական բնոյթին ու ոչ այնքան առարկայականութեան ու կարգ մը տեղեր ալ «ծաղրանկարի» յատուկ եւ երբեմն ներելի չափազանցութեան սահմաններէն ալ անդին անցնելուն, ան կայ ու կը մնայ ժամանակակից հայ բեմի անզուգական վարպետը, որ տակաւին շատ բան ունի տալիք հայ մշակոյթին: