Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Մատրիտի Մէջ Ղարաբաղեան Շարժումի 30-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Կազմակերպուած է

Ղարաբաղեան շարժումի 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրէն ներս Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Մատրիտի «Հայ տուն» միութեան համատեղ ջանքերով Փետրուար 25-ին տեղի ունեցած է Միքայէլ Պօղոսեանի «Եթէ բոլորը» արցախեան հերոսամարտի դրուագներով նկարահանուած ֆիլմին ցուցադրութիւնը, որ ներկայացուած է հեղինակին կողմէ:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Սպանիոյ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպան Աւետ Ադոնցը իր ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Միքայէլ Պօղոսեանին՝ ներկայութեան եւ կատարուած աշխատանքին համար, անդրադարձած արցախեան հերոսամարտին եւ շարժումի 30-ամեակին` շեշտելով հայկական համայնքներուն մէջ մշակութային եւ ուսուցողական նման ձեռնարկներու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը:

Ֆիլմի աւարտէն ետք կազմակերպուած է հետաքրքրական եւ բուռն քննարկում հեղինակին եւ ներկաներուն միջեւ:

Ձեռնարկին ներկայ եղած է շուրջ 150 հանդիսատես` հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, սպանացի երիտասարդներ, համալսարականական շրջանակներու եւ ԶԼՄ ներկայացուցիչներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին