Հակառակ սաստիկ սառնամանիքին՝ Լիոնի մէջ քանի մը տասնեակ հայեր յարգանքի տուրք մատուցած են Սումգայիթի ջարդերու ժամանակ զոհուածներու յիշատակին:
Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի գլխաւոր հրապարակին` Պոնսէի վրայ, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի մօտ Փետրուար 28-ին բաւական մարդաշատ էր: Քանի մը տասնեակ հայեր առաջին անգամ հաւաքուած էին այդտեղ` յարգանքի տուրք մատուցելու Սումգայիթի ջարդերու հետեւանքով զոհուածներու յիշատակին, կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմէնիա»-ն:
«Առաջին անգամ եկած ենք յարգելու Սումգայիթի ջարդերու ժամանակ սպաննուած մեր հայրենակիցներու յիշատակը: Ատիկա, ի հարկէ, թուրքերուն եւ ազրպէյճանցիներուն հաճելի չէ: Անոնք միշտ նման քայլերուն սուր կ’արձագանգեն»,- ըսած է կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Վազգէն Էսքիջեան:
Ծաղիկները, աղօթքները եւ երկար ելոյթները յատուկ տեղադրուած ամպիոնէն մօտ մէկ ժամ շարունակ կը գրաւէին անցորդներու ուշադրութիւնը: Հակառակ ցուրտ եղանակին՝ քաղաքի հայերը հաւաքուած էին` ամբողջ աշխարհին ըսելու, որ իրենք կը յիշեն իրենց պատմութեան սեւ էջերէն մէկը:
«Սա Լիոնի ամենամեծ հրապարակներէն մէկն է: Այստեղ 2006 թուականին քաղաքապետարանի թոյլտուութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձան կանգնեցուցած ենք: Սգոյ բոլոր կարեւոր տարելիցները այստեղ կը նշենք: Յուշարձանի մօտ ծաղիկներ կը դնեն նաեւ Հայաստանէն ժամանած պատուիրակութիւնները»,- ըսած է Էսքիջեան:
«Լիոնի հայերը, հիմնականը, Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգներն են: Այս հաւաքով մենք նորէն աշխարհին ցոյց կու տանք եւ կը պատմենք, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ տեղի ունեցած է Սումգայիթի մէջ»,- ըսած է ան:
«Հայերը Ֆրանսայի մէջ» ամէնամսեայ հանդէսի գլխաւոր խմբագիրի տեղակալ Օդեթ Ութուջեան նոյնպէս եկած էր ծաղիկներ խոնարհելու յուշարձանին մօտ: Ան Լիոն ծնած է, նախնիները մազապուրծ եղած են Ցեղասպանութենէն:
Լիոնը Ֆրանսայի երեք քաղաքներէն մէկն է, ուր հայկական մեծ համայնք կայ: Լիոնի մերձակայքին մօտ 100 հազար հայ կ’ապրի, բուն քաղաքին մէջ` մինչեւ 2 հազար: Այս քաղաքը շատերը «Հայկական մշակութային Փարիզ» կ’անուանեն: Քաղաքին մէջ հայերէնով երկու ձայնասփիւռի կայան կը գործէ, նաեւ հայկական ամսագիր կը հրատարակուի:
Այստեղ բազմաթիւ հայկական կազմակերպութիւններ կան, դպրոց եւ եկեղեցի կը գործէ: