Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Երեւանը Արժանացած է «Financial Times»-ի «Պատմամշակութային Ժառանգութեան Քաղաք» Անուանակարգի Մրցանակին

Հեղինակաւոր «Financial Times» պարբերականի fDi Intelligence ծառայութեան կողմէն Երեւանը արժանացած է «էֆտիայ Ապագայի զբօսաշրջային ուղղութիւններ 2017/18 – «խմբագիրի ընտրութիւն»» մրցանակին (fDi Tourism Locations of the Future 2017/18 – Editor’s Choice Awards)` «պատմամշակութային ժառանգութեան քաղաք» անուանակարգի մէջ:

«Քաղաքին մէջ պատմամշակութային զբօսաշրջութեան եւ հանգիստի ենթակառուցուածքներու ներդրողներուն համար կան բազմաթիւ հնարաւորութիւններ: «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոցի թանգարանին վերականգնումը այդ հնարաւորութիւններէն մէկն է»,- նշած է պարբերականը՝ ըստ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան:

Երեւանը բարձր գնահատուած է նաեւ Միջազգային համագործակցութեան անուանակարգին մէջ մրցանակի շնորհման քննարկումներուն ժամանակ` շնորհիւ օտարերկրացի ներդրողներու համար աշխարհի քարտէսին մէջ պատշաճ տեղ գրաւելուն ուղղուած ջանքերուն: Երեւանը կը համագործակցի աշխարհի աւելի քան 50 քաղաքներու հետ եւ կը հանդիսանայ ութ միջազգային կազմակերպութիւններու անդամ: Ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին քոյր քաղաքներու եւ գործընկեր քաղաքներու հետ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ»,- եզրափակած է պարբերականը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին