*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Հայրենի կերպարուեստի ծանօթ ներկայացուցիչ Նիկոլ Աղաբաբեանի հետ հանդիպում մը նախաձեռնած էր ԹՄՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութիւնը Ուրբաթ, 23 Փետրուարի երեկոյեան։
Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանի հանդիսասրահը ժամադրավայրն էր գեղանկարիչին բարեկամներուն, հարազատներուն, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղիս անդամներուն՝ մօտէն ծանօթանալու Աղաբաբեանի գեղանկարչական արուեստին։
Բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի փոխատենապետ Բարսեղ Գարթալեանը, որ իր կարգին բեմ հրաւիրեց վարչական անդամ ու գրականագէտ Լիլիթ Քէհէեանը։
Քէհէեան հանգամանօրէն ներկայացուց գեղանկարիչը, որ ծնած է Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Կողբ գիւղ, ու կանուխէն հետեւած է կերպարուեստի ուսման խորհրդային տարիներուն։ Ուսումը աւարտելէ ետք մասնակցած է զանազան ցուցահանդէսներու Հայաստանի տարածքին։ Աղաբաբեան հրաւիրուած է գաղթաշխարհի զանազան վայրեր, ինչպէս՝ Մոսկուա, Փարիզ եւ Միացեալ Նահանգներ՝ տալով 70 ցուցահանդէսներ։
Հետաքրքրական էր իմանալ, որ գեղանկարիչը եղած է նաեւ ազատամարտիկ՝ մասնակցելով Արցախի ազատագրական շարժումին, ինչպէս նաեւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին։
Աղաբաբեան հարցազրուցավար Քէհէեանին կողքին, ներկաներուն ուշադրութեան առարկան դարձաւ, երբ հանգիստ կը պատասխանէր նախապէս պատրաստուած հարցումներուն։ Գեղանկարիչը, մեծապէս ազդուած Մինաս Աւետիսեանէն եւ Մարտիրոս Սարեանէն, մեր դիմաց բացաւ Հայաստանի գոյները, որ կ՚ակնարկուէր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշին երեք գոյներուն՝ կարմիր, կապոյտ եւ ծիրանագոյն։ Աղաբաբեան իր մօտեցումն ու ներաշխարհը ներկայացուց այդ գոյներուն ընդմէջէն։
Զրոյցի աւարտին, Աղաբաբեանի գործերուն հաւաքածոն սահիկներու միջոցով մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, որ պատրաստած էր Նարեկ Քէհէեանը, մինչ հանդիսավար Լիլիթ Քէհէեան Համօ Սահեանէն չափածոյ կտորներով ներկայացուց մեծապէս յաջող համադրութիւն մը։
Յայտագիրի աւարտին, եղան հարցումներ ներկաներուն կողմէ, որոնց սիրայօժար պատասխանեց գեղանկարիչը։
Երեկոն իր աւարտին հասաւ Պրն. Գարթալեանի շնորհակալական խօսքով, որմէ ետք ներկաները մօտէն զրուցեցին հայրենի գեղանկարիչին հետ, հիւրասիրութեան մը շուրջ։