Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Տպագիր Մամուլը Պէտք Է Սփիւռքին. «Զարթօնք»-ը Կը Շարունակէ Տպուիլ, Նոյնիսկ Եթէ Մէկ Ընթերցող Ունենայ – «Արմէնփրէս»ի Հարցազրոյցը «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր ընկ. Սեւակ Յակոբեանի հետ

Զրուցեց՝ ԱՆԺԵԼԱ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ

Լիբանանի հայ համայնքի «Զարթօնք» ազգային-քաղաքական, հասարակական եւ գրական հեղինակաւոր ու սիրուած օրաթերթը ութսուն տարի շարունակ լուսաբանած է համայնքի, Հայաստանի եւ համաշխարհային գետնի վրայ կատարուող կարեւորագոյն եւ հրատապ իրադարձութիւնները: Ան օժանդակած է Հայաստան-Սփիւռք կապի ամրապնդման, էջեր տրամադրած է գիտութեան, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներու մէջ հայրենիքի բարգաւաճումը պատկերող նիւթերուն, տպագրած է հայ եւ սովետական հեղինակներու ստեղծագործութիւններն ու յօդուածները։ «Զարթօնք»-ը ուշադրութեան կեդրոնին պահած է միջազգային, քաղաքացիական եւ սփիւռքահայութեան ազգային կեանքը։ Թերթի ձեռքբերումներու, ծրագիրներու եւ հեռանկարներու մասին «Արմէնփրես»ի թղթակիցը զրուցած է «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի հետ:

-Ի հարկէ, որոշ ընդհատումներով «Զարթօնք»-ը 80 տարի լոյս կը տեսնէ` իր կողքին պահելով բազմաթիւ ընթերցողներ: Ո՞րն է, ըստ ձեզի, տարիներու մեծագոյն ձեռքբերումը:

-Սփիւռքի մէջ հայ մամուլի ութսուն տարի անխափան լոյս ընծայումը արդէն իսկ յաղթանակ է: Ան կը կարողանայ առանց որեւէ պետական աջակցութեան, նիւթական կամ այլ օգնութեան հրատարակուիլ: Թերթը հիմնադրուած է 1937 թուականին՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի նախօրէին: Ան ապրած է այդ պատերազմը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ հասած է մինչեւ մեր օրերը:

-Կը խնդրէի մատնանշէք այն հիմնական սկզբունքները, որոնց տարիներ շարունակ հետեւած է «Զարթօնք»-ը:

-Մեր առաքելութիւնը լաւ յօդուածներ  հրապարակելն է: Մամուլը մեզի համար առեւտրական գործ չէ:  Թերթի կողքին կան շարք մը նուիրեալներ, որոնք ծառայած են անոր: Կան աշխատակիցներ, որոնք սիրայօժար կը նպաստեն թերթի զարգացման,  ամէն ինչ կ’ընեն, որ ան լոյս տեսնէ: Կան ազգային, մինչեւ անգամ առեւտրական հաստատութիւններ, որոնք, ոչ այդքան հաւատալով իրենց գովազդային ուժին, պարզապէս թերթին օգտակար ըլլալու համար կը ֆինանսաւորեն մեզ, կը ցանկան, որ թերթը հրատարակուի եւ շարունակէ իր ներդրումը ունենալ հայոց լեզուի պահպանութեան գործին մէջ:

Ան մեծ դեր ունի սփիւռքահայերու կեանքին մէջ: Երբ հայերը հասած են այս երկիրները, գրեթէ բոլորը թրքախօս եղած են: Յետագային առաջ եկած է սերունդ մը, որ հայերէն կը խօսէր, եւ ասիկա պատահական չէր: Հայկական դպրոցն ու թերթը իրենց ներդրումը ունէին այդ հարցին մէջ:

-Գաղտնիք չէ, որ այսօր ելեկտրոնային մամուլը շատ աւելի արդիական է, քան տպագիրը: Ի՞նչ քայլերու կը ձեռնարկէք ձեր ընթերցողները չկորսնցնելու համար:

-Տպագիր մամուլը կը նահանջէ թէ՛ պայմաններու բերմամբ, թէ՛ ընթերցողի պակասով եւ թէ՛ ժամանակի պահանջով եւ այս մէկը գաղտնիք չէ: Եթէ նոյնիսկ մէկ ընթերցող ունենանք, պէտք է հրատարակենք թերթը: Տպագիր մամուլին զուգահեռ լուրեր կը հաղորդենք նաեւ ելեկտրոնային տարբերակով անշուշտ:

Տարածաշրջանը ամբողջութեամբ վտանգուած է, վտանգուած է նաեւ Լիբանանը, եւ մենք կը մտածենք, որ անհրաժեշտ է փրկել «Զարթօնք»-ի երկարամեայ պատմութիւնը: Ունինք ութսուն տարուան ընթացքին հաւաքուած թերթի համարներ: Իւրաքանչիւր տարուան համարները ամփոփուած են մէկ գիրքի մէջ: Անոնք այդ վիճակին մէջ այլեւս կարելի չէ պահել, ուստի այդ համարները կը թուայնացնենք՝ համագործակցելով Հայաստանի Ազգային գրադարանի հետ:

-«Զարթօնք»-ը կ’անդրադառնայ հասարակական, քաղաքական եւ այլ ոլորտներու: 21-րդ դարուն հիմնականը ո՞ր յօդուածները կը հետաքրքրեն ընթերցողները:

-Մենք կը տպագրենք ազգային, կուսակցական, գրական եւ այլ յօդուածներ, կը ներկայացնենք գրախօսականներ: Շրջաններ եղած են, երբ յատուկ յաւելուած ունեցած ենք՝ նուիրուած արուեստի զանազան ճիւղերուն, ներառեալ՝ գրականութեան: Հիմնականը կ’արծարծենք ազգային խնդիրներ: Մեր տպագիրին ընթերցողներուն հարիւր տոկոսը լիբանանահայեր են, հետեւաբար կ’անդրադառնանք նաեւ անոնց յուզող, հետաքրքրող հարցերուն: Արհեստագիտութիւնը օգնեց մեզի լուրերը արագ տարածելու աշխարհով մէկ. անիկա եկաւ հաւասարակշռելու տպագիր մամուլի նահանջը: Ընթերցողները չպակսեցան, այսուհետեւ չենք կրնանք ըսել, որ «Ազդակ»-ը, «Զարթօնք»-ը կամ «Արարատ»-ը միմիայն լիբանանեան թերթեր են: Նշեմ, որ դեռ 1967 թուականներէն կը համագործակցինք «Արմէնփրես»-ի հետ: Որոշելով ընդլայնել համագործակցութիւնը՝ «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանի հետ համաձայնագիր կնքեցինք:

-Սփիւռքի մէջ ի՞նչպէս կը տեսնէք հայ մամուլի ապագան:

-Տպագիր մամուլի ընթերցողներուն միջին տարիքը բարձր է, պէտք է զայն իջեցնել: Ելեկտրոնային մամուլը բաւականին նպաստած է այդ գործին, եւ ասիկա մեծապէս կը քաջալերէ մեզ եւ թափ կու տայ մեր աշխատանքին: Կը նշանակէ, որ մամուլը պէ՛տք է Սփիւռքին, եւ կը յուսամ, որ դեռ շատ 80-ամեակներ կը տօնենք:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին