Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

«Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանման եւ Վերականգնման Տարածաշրջանային Կեդրոն» Պիտի Բացուի

ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան Փետրուար 27-ին ընդունած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համագործակցութեան զարգացման գլխաւոր վարչութեան ներկայացուցիչ Ռիթա Կոնելլիի ղեկավարած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը։

Ռ. Կոնելլին եւ Պոլոնիայի համալսարանի պատուիրակութեան դասախօսական կազմի անդամները Հայաստան կը գտնուին հնգօրեայ աշխատանքային այցով, որուն իբրեւ արդիւնք՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հետ կը մշակուի Հայաստանի մէջ բացուող «Մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման տարածաշրջանային կեդրոն»-ի ծրագիրը (ենթակայ է ՀՀ մշակոյթի եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններու հաստատման, որմէ ետք կեդրոնը պիտի գործէ): Կեդրոնը ստեղծելու համատեղ յայտարարութիւնը ստորագրած են Իտալիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Փաոլօ Ճենդիլոնէի եւ Էդուարդ Նալպանտեան` 2016 Նոյեմբեր 8-ին:

Հանդիպման ընթացքին նախարար Արմէն Ամիրեան նշած է, որ հայկական կողմը պատրաստ է յաջորդ քայլերուն եւ արդէն իսկ կը սպասէր այս աշխատանքային այցին: «Մայիս 28-ին պիտի տօնենք Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը, եւ այդ օրերուն Երեւանի մէջ օտարերկրեայ շատ այցելուներ պիտի ունենանք, նաեւ սփիւռքահայ: Պիտի ուզէի, որ անոնք այցելէին եզակի այս կեդրոնը»,- ըսած է նախարարը:

Իբրեւ Կեդրոնի գործընկեր` Միլանի ճարտարագիտական համալսարանը փոխարինած է Պոլոնիայի համալսարանը: Կեդրոնին նպատակն է միջազգային մասնագէտներու մասնակցութեամբ յուշարձաններու պահպանութեան, ուսումնասիրութեան, վերականգնման, օգտագործման բնագաւառին մէջ հիմնել նորագոյն սարքերով յագեցած մասնագիտական նոր ենթակառուցուածք, նպաստել նեղ մասնագիտական վերականգնողական դպրոցներու պահպանման (օրինակ՝ որմնանկարի, քարի նիւթի) եւ նոր դպրոցներու ստեղծման (օրինակ` խճանկարի):

Փոխադարձ համաձայնութիւն կայ, որ յուշարձաններու վերականգնման խնդիրներուն նուիրուած համատեղ ծրագիրներու իրականացման համար մասնագիտական համագործակցութեան հարթակ պիտի ստեղծուի տարածաշրջանի շարք մը պետութիւններու հետ, որուն հնարաւորութիւնը ողջունած եւ վերահաստատած են կողմերը:

ՀՀ մշակոյթի նախարարը իր շնորհակալութիւնը փոխանցած է Իտալիոյ կառավարութեան` Հայաստանի մէջ իրականացուցած մշակութային ծրագիրներուն աջակցութեան համար: Մասնաւորապէս Կիւմրիի Աճառեան փողոցին վրայ Շիրակի մարզային գրադարանի զբաղեցուցած պատմամշակութային եզակի շինութեան վերանորոգման համար: Երախտիքի խօսքը նախարարը աւարտած է` աշնան Հայաստանի մէջ իրականացուելիք ժամանակակից արուեստի միջազգային մեծ ցուցահանդէսի նախաձեռնութեան եւ աջակցութեան համար, որուն, աշխարհի տարբեր երկիրներէ, պիտի մասնակցի շուրջ 200 արուեստագէտ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին