Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Ծիծեռնակաբերդի Բարձունքին Յարգանքի Տուրք Մատուցուեցաւ Սումգայիթեան Զոհերու Յիշատակին

Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Սումգայիթի զոհերու յիշատակին: Անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարի մօտ ծաղկեպսակ դրուեցաւ ՀՀ նախագահի անունէն: Ծաղիկներ խոնարհեցին նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ, ուսանողներ, Սումգայիթի նախկին բնակիչներ: Վերջիններս Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եկած էին իրենց զոհուած հարազատներու լուսանկարներով:

Սումգայիթի նախկին բնակիչ Կարինէ Մելքումեան կը պատմէ, որ այդ օրերուն իրենց ընտանիքէն սպաննուած է հինգ հոգի: «Մենք այսօր կ’ոգեկոչենք մեր հարազատներուն յիշատակը: Անցած է 30 տարի, սակայն մեր վէրքերը չեն սպիացած»,- «ԱրմԷնփրես»-ի հաղորդմամբ, ըսած է Մելքումեան:

Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արման Սաղաթելեանի խօսքով` այսօր հիմնական կոչերէն մէկը այն է, որ մինչեւ այսօր սումգայիթեան դէպքերը պատշաճ իրաւական եւ քաղաքական գնահատական չեն ստացած:

«Մենք պարտաւոր ենք ընել ամէն հնարաւորը, որ պատրաստ ըլլանք որեւէ իրավիճակի մէջ պահպանելու մեր ժողովուրդի ինքնութիւնը, հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւունքը: Այս իրադարձութիւնները, որոնք, ըստ էութեան, առաջինն էին այդ ամբողջ շղթային, եւ որուն հանգուցալուծումը Արցախեան պատերազմն էր եւ մեր յաղթանակը, կը կարծեմ, որ դաս եղան նաեւ մեր հարեւաններուն համար առ այն, որ ուժով եւ զէնքով մեզի հետ խօսիլը, ի վերջոյ, դատապարտուած է ձախողման»,- ըսած է Սաղաթելեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին