Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Լափշին Կը Կրէ Արցախի Մէջ Ծառայող Հայ Զինուորի Լուսանկարով Շապիկը

Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի էջատէր (blogger) Ալեքսանդր Լափշին ցուցադրած է Արցախի մէջ ծառայութեան մէջ գտնուող հայ զինուորի լուսանկարով իր շապիկը:

Էջատէրը լուսանկարը հրապարակած է ընկերային ցանցի վրայ՝ կոչ ընելով հետեւորդներուն գուշակել, թէ ո՛ր բանակի զինծառայող է պատկերուածը:

«Ընկերներ, ինչպիսի՞նն է իմ նոր շապիկը: Անիկա շատ յատուկ է: Ի՞նչ կը կարծէք, ո՞ր բանակի զինուորը պատկերուած է»,- գրած է Լափշին:

Օգտատէրերու մեծամասնութիւնը անմիջապէս նկատած են, որ լուսանկարին մէջ Արցախի մէջ ծառայող հայ զինուոր է, որուն լուսանկարը ապրիլեան պատերազմի օրերուն մեծ տարածում գտած էր համացանցի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին