Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

«Արաբական Աշխարհի Քրիստոնեայ-Իսլամ Հոգեւոր Պետերու Միջեւ Գործակցութեան Նոր Կառոյցը Մենք Ջերմօրէն Կ՚Ողջունենք»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած միջկրօնական միջազգային համագումարին իր տուած դասախօսութեան սկիզբը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց արաբական աշխարհի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու միջեւ գործակցութեան կառոյց մը ստեղծելու որոշումը՝ շեշտելով, որ նման նախաձեռնութիւն հրամայական անհրաժեշտութիւն է ոչ միայն արաբական աշխարհէն, այլեւ աշխարհի բոլոր շրջաններէն ներս։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը եօթը կէտերու մէջ պարզեց այն հիմնական սկզբունքները, որոնք ուղեցոյց պէտք է դառնան քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան։

Արդարեւ, միաստուածեան երկու կրօններու միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց սկզբունքներն ու արժէքները, որպէս գործակցութեան հիմք ունենալով, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց քաղաքական ու կրօնա-գաղափարախօսական կառոյցներէն եւ ուղղութիւններէն հեռու մնալու, փոխադարձ վստահութիւնը ամրացնելու, փոխադարձ ճանաչումը ու յարգանքը ամրապնդելու, որպէս համահաւասար քաղաքացիներ նոյն իրաւունքներն ու պատասխանատուութիւնները ունենալու, բոլոր տեսակի բռնութիւնները դատապարտելու, արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան համար աշխատելու եւ մարդկային իրաւունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը։ Յիշեալ կէտերուն մասին Նորին Սրբութիւնը լայն բացատրութիւններ տուաւ։

Յայտնենք, որ վերոնշեալ կառոյցը յառաջացնելու նախապատրաստական աշխատանքները կատարուած էին անցնող երկու տարիներուն ընթացքին։ Այսպէս, համագումարին կազմակերպիչ կեդրոնին նախագահը՝ Դոկտ. Ֆէյսալ Պին Մուաամմար այցելութիւն տուած էր Նորին Սրբութեան եւ երկու առիթներով հանդիպած էր Վեհափառ Հայրապետին Ժընեւի ու Անթէնքի մէջ։

Նշենք, որ համագումարը կազմակերպուած էր Վիեննայի մէջ իր կեդրոնատեղին ունեցող Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլահ Բ. Թագաւորին անունը կրող միջկրօնական երկխօսութեան կեդրոնին կողմէ, որուն ներկայ էին քրիստոնեայ, իսլամ, հրեայ եւ այլ կրօններու պատկանող հոգեւոր պետեր ու միջկրօնական հարցերու փորձագէտներ եւ համալսարանական դասախօսներ, շուրջ 300 հոգի։ Լիբանանէն ներկայ էին Ռաաի Պատրիարքը եւ Հանրապետութեան Մուֆթին` Ապտուլ Լաթիֆ Տէրեան։ Իսկ ուղղափառ եկեղեցիներէն ներկայ էին Տիեզերական Պատրիարքը ու Աղեքսանդրիոյ Պատրիարքը, ինչպէս նաեւ Վատիկանի եւ Գանթըրպըրիի ներկայացուցիչները։ Իսլամական աշխարհէն ներկայ էին շարք մը պետական ու կրօնական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց կարգին խօսք առին եւ ողջունեցին նոյն ծրագիրին ստեղծումը։

Վերոնշեալ անձնաւորութիւններուն հետ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ։ Համագումարի աշխատանքներուն առընթեր Նորին Սրբութիւնը նաեւ շարք մը հարցազրոյցներ ունեցաւ միջկրօնական գործակցութեան կարեւորութեան մասին, յատկապէս Աւստրիոյ կարեւորագոյն հեռուստակայանին՝ «BBC»-ին ու Սէուտական Արաբիոյ հեռատեսիլի կայաններուն հետ։

Եռօրեայ համագումարի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց հայաստանեան ու լիբանանեան դեսպանատուները եւ ապա մեկնեցաւ Ժընեւ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին