Փետրուար 27-ին Երեւանի երկաթուղային կայարանէն առաջին փորձնական երթ կատարած է Երեւան-Կիւմրի-Երեւան երթուղիին մէջ աշխատանքը սկսող նոր ելեկտրագնացքը:
Մարտ 2-ին պիտի սկսի գործել արագընթացը՝ աշխատելով Ուրբաթ-Կիրակի օրերուն արագ ձեւով` առանց բաժանիչ կանգառներու, օրը երկու անգամ… տեւողութիւնը 1 ժամ 58 վայրկեան, նախնական տուեալներով` 2500 դրամ…
Երեւան-Կիւմրի՝ ժամը 10:00-ին,
Գիւմրի-Երեւան՝ 17:00-ին,
Մարտ 2-4-ին եւ 8-11-ին գնացքը պիտի աշխատի անվճար:
Գնացքը յարմարաւէտ է բոլորի համար, ներառեալ` հենաշարժողական խնդիրներ ունեցող ուղեւորներուն համար, կը գործէ անվճար Wi-Fi կապ: Գնացքին մէջ ծխելը արգիլուած է…