Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Raoul Wallenberg Հիմնադրամը Հիասթափութիւն Կը Յայտնէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Քնեսեթի Դիրքորոշման Համար

«Ռաուլ Ուալենպըրկ» միջազգային հիմնադրամը խոր հիասթափութիւն կը յայտնէ Քնեսեթի կողմէ այս ամսուան սկիզբը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին օրինագիծը մերժելու առնչութեամբ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, վկայակոչելով «The Jerusalem Post»-ը, հիմնադրամը նամակ յղած է Քնեսեթի խօսնակ Եուլի Էտելշթէյնին:

Յայտնի է, որ Էտելշթէյն տակաւիճն 2015 թուականին կոչ ըրած է երկրի կառավարութեան փոխել դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով:

«Ցաւօք, վերջին տարիներու ընթացքին այս քուէարկութիւնը կը շարունակուի նորէն ու նորէն, ինչպէս մշտական ծիսակարգ: Ամենայն յարգանքով սակայն, մենք չենք կրնար ատիկա հասկնալ, նոյնիսկ չխօսելով այդ դիրքորոշումը արդարացնելու մասին: Իսրայէլ կը հանդիսանայ ազգային տունը հրէական ժողովուրդին, որ տուժած է աննկարագրելի Հոլոքոսթի ժամանակ: Հայ ժողովուրդը կը հաւատայ, որ աշխարհի բոլոր ազգերը, հրէական պետութիւնը պիտի ունենան մտաւորական ազնուութիւն եւ հոգեւոր առատաձեռնութիւն` հայ ժողովուրդի սարսափելի ողբերգութիւնը ճանչնալու համար: Անշուշտ, իսրայէլական կառավարութիւնը եւ Քնեսեթը այս հնարաւորութիւնը կորսնցուցած են կրկին անգամ: Գոյութիւն չունի քաղաքական իրականութիւն, որ կրնայ ողջամիտ արդարացում ըլլալ ատոր համար: Պարոն Էտելշէյն, մենք գիտենք Ձեր անձնական աջակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցով: Մենք կը գտնենք, որ ամբողջ աշխարհը պիտի ողջունէ Քնեսեթը` համարձակ էթնիկ դիրքորոշման համար` անկախ կարճաժամկէտ քաղաքական նկատառումներէ: Կը ցաւինք, որ ատիկա դեռ տեղի չէ ունեցած»,- ըսուած է նամակին մէջ, զոր ստորագրած են հիմնադրամի նախագահ Էտուարտօ Էռնեկեանը եւ հիմնադիր Պարուխ Տօնեմպաումը:

Հայոց Ցեղասպանութեան օրը նշելու մասին օրինագիծը Քնեսեթի մէջ քննարկման դրուած էր Փետրուար 14-ին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին