ՀՀ նախագահի աշխատակազմի Հանրային կապերու տեղեկատուական կեդրոնը կը ներկայացնէ երկու նոր նախագիծ: Հանրութեան կը ներկայացուին «Սումգայիթ. Խօսում են ազրպէյճանցի վկաները» գիրքը եւ «Սումգայիթ. սպաննուած սերունդ» ֆիլմը: Այս մասին կը հաղորդէ «Armenpress.am»-ը։
«Սովորական ցեղասպանութիւն» նախագիծի հեղինակ Մարինա Գրիգորեան երէկ կայացած ասուլիսի մը ժամանակ նշած է, որ Սումգայիթի թեման իրենց աշխատանքի գլխաւոր ուղղութիւններէն է: Այս տարիներուն ան ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն մէկը կը համարէ արխիւի ստեղծումը: Յաջողուած է հաւաքագրել շատ նիւթեր, զանոնք թուայնացնել` յետագային օգտագործելով տարբեր աշխատանքներու մէջ:
«Այս երկու նոր աշխատանքները քիչ մը այլ տեսանկիւնէ հայեացք կը նետեն Սումգայիթի ցեղասպանութեան վրայ: Այս «Սումգայիթ. Խօսում են ազրպէյճանցի վկաները» գիրքը իւրայատուկ աշխատանք է: Մենք կը ներկայացնենք սումգայիթեան ողբերգութիւնը ազրպէյճանցիներու աչքերով, մարդիկ, որոնք այդ ամէնը տեսած են եւ յետագային այդ ամէնը ներկայացուցած են իրենց ցուցմունքներուն եւ վկայութիւններուն մէջ քննչական եւ դատական գործընթացներու ժամանակ»,- ըսած է Մարինա Գրիգորեանը:
Ան կարեւոր համարած է այն հանգամանքը, որ նոյն ազրպէյճանցիներու շուրթերով կը հաստատուին այն իրողութիւնները, ըստ որոնց, սումգայիթեան ողբերգութիւնը կազմակերպուած եւ իրականացուած եղած է Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ:
«Յետագային պատժուած է կատարողներուն մէկ մասը միայն եւ չեն բացայայտուած այդ յանցագործութեան իրական կազմակերպիչները: Դատական գործընթացներու ժամանակ նոյն ազրպէյճանցիները կը վկայէին, որ այդ գործողութիւնները ուղղուած եղած են բացառապէս հայերու դէմ, մարդիկ պարզ կ’ըսեն` կը փնտռէին հայերը, կը սպաննէին անոնց, ջարդարարներու ձեռքին կար հայերու բնակարաններու ցուցակը, անոնք զինուած եղած են պաղ զէնքով: Պաքուէն իջեցուած ցուցմունքներէն ետք փորձ եղած է վերացնելու դաժան սպանութիւններուն հետեւանքները, շուտափոյթ կ’ոչնչացուէին իրեղէն ապացոյցները»,- ըսած է Մարինա Գրիգորեանը: Անոր խօսքով, ազրպէյճանցիները կը վկայեն` Սումգայիթի մէջ եղած է աւելի շատ զոհ, քան ներկայացուած են պաշտօնական տուեալներով: Ըստ Մարինա Գրիգորեանի` խօսքը քանի մը հարիւրի մասին է:
«Այստեղ ոչ մէկ քարոզչական խօսք կայ, չկան հնարքներ, որոնք շատ կը սիրեն մեր հարեւանները: Այս գիրքը բացառապէս կազմուած է դատական, քննչական նիւթերու հիման վրայ: Սումգայիթեան դէպքերով պայմանաւորուած` եղած է 10-էն աւելի դատական գործ, սակայն մեր տրամադրութեան տակ ունինք անոնցմէ երեքին նիւթերը»,- ըսած է Մարինա Գրիգորեանը:
«Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» ՀԿ գործադիր տնօրէն Լարիսա Ալաւերդեան, խօսելով «Սումգայիթ. սպաննուած սերունդ» ֆիլմին մասին, նշած է, որ խորագիրին մէջ առկայ բառերուն մէջ դրած են երկու իմաստ:
«Երկու իմաստ կը դնենք այս խօսքերուն մէջ: Նախ նկատի ունեցած ենք հայ զոհերը, երկրորդ` այն ազրպէյճանցի երիտասարդ, պատանի տղաներն ու աղջիկները, որոնք ներգրաւուած եղած են այդ գործողութիւններուն մէջ: Պատկերները կը խօսին այն մասին, որ անոնք ընդգրկուած են սարսափազդու յանցագործութիւններու մէջ: Պատկերներուն մէջ կը տեսնէք, որ առջեւը նոյնիսկ պզտիկներ կը վազեն: Գործողութիւնները եղած են ցուցադրաբար, բոլորի աչքին առջեւ: Մենք կ’ընդգծենք ա՛յն մեթոտները, ձեւերը, որոնցմով կը դաստիարակուի սերունդը, որ պատրաստ է նոյնը կրկնելու: Այդ մարդիկ այսօր Ազրպէյճանի մէջ են ու մնացած են անպատիժ»,- ըսած է Լարիսա Ալաւերդեան` ընդգծելով, որ ֆիլմը ցեղասպանութեան կանխարգելման մասին է: Անիկա զգօն ըլլալու կոչ է: Լարիսա Ալաւերդեան յիշեցուցած է, որ հարեւան Ազրպէյճանը այսօր ալ կը պատրաստուի նման գործողութիւններու: Այդ երկրի նախագահը կ’ըսէ, որ ռազմավարական նպատակը Երեւանի եւ մնացեալ հայկական տարածքներու գրաւումն է:
Լարիսա Ալաւերդեան ընդգծած է, որ շատ կազմակերպիչներ անպատիժ են, եւ, ազրպէյճանցիներու խօսքերով, անոնցմէ ոմանք կը գտնուին խորհրդարանին մէջ:
«Անոնց նկատմամբ չէ սկսած քրէական հետապնդում: Ես համոզուած եմ, որ այդ աշխատանքը պէտք է սկսին եւ աւարտին հասցնեն հայկական իրաւապահ մարմինները: Անհրաժեշտ է, որ յայտարարուի միջազգային հետախուզում»,-աւելցուցած է Լարիսա Ալաւերդեան:
Ան կոչ ըրած է, որ Փետրուար 28-ին հայկական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուի անմեղ զոհերուն յիշատակը: