Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

«Մարտիրոս Սարեան» Փաստավաւերագրական Ֆիլմի Տեսասկաւառակի Շնորհահանդէս եւ Ցուցադրութիւն

Փետրուար 28-ին՝ ժամը 14:00-ին, Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի «Մարտիրոս Սարեան» ֆիլմին մէջ ստեղծուած «Ծաղիկներ» եզակի աշխատանքը` պատկերուած ապակիի վրայ:

Ըստ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ ծրագիրին ծիրէն ներս կը նախատեսուի ֆիլմի բեմադրիչ Լայէրթ Վաղարշեանի յուշերէն եւ ֆիլմի մասին արձագանգներէն կազմուած` «Սարեանը նկարում է ծաղիկներ» գիրքին եւ «Մարտիրոս Սարեան» փաստավաւերագրական ֆիլմի տեսասկաւառակին շնորհահանդէսը:

Պիտի ցուցադրուին նաեւ ֆիլմի ստեղծման ընթացքին առնուած լուսանկարները եւ Մ. Սարեանի աշխատանքները:

«Մարտիրոս Սարեան» փաստավաւերագրական ֆիլմը ստեղծուած է 1965 թուականին «Հայֆիլմ» արուեստանոցին մէջ, բեմադրիչ`  Լ. Վաղարշեան, գրութեան հեղինակ`  Ի. Էրենպուրկ, երաժշտութեան հեղինակ`  Ղ. Սարեան:

Մուտքը` տոմսով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին