Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օգտին քուէարկած հոլանտացի հինգ պատգամաւորները, որոնք ունին թրքական արմատներ, անընդունելի կը համարեն իրենց` «դաւաճան» ըլլալու մասին Թուրքիոյ մեղադրանքները:
Ըստ «Nouvelles d`Armenie»-ի՝ այդ մեղադրանքները յառաջացուցած է Հոլանտայի զայրոյթը:
«Արտայայտուած մտքին ի պատասխան սպառնալիքը կամ սպառնալիքի դրդումը անընդունելի է: Ատիկա տեղ չունի ո՛չ ժողովրդավարութեան մէջ, ո՛չ ալ այնպիսի բաց եւ ազատ հասարակութեան մէջ, ինչպէս մերը»,- ըսած է Հաճիպա Արիպը` Հոլանտայի ստորին պալատի խօսնակը: «Ասիկա կը կոչուի խօսքի ազատութիւն»,- աւելցուցած է ան:
Թրքական «Sabah» թերթը Շաբաթ օր մեղադրած էր թրքական արմատներ ունեցող հոլանտացի հինգ պատգամաւորները` նշելով, որ անոնք, «Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բացայայտ արտայայտութիւններով» խօսող բանաձեւին կողմ քուէարկելով, դաւաճանած են իրենց երկրին:
«Ահաբեկելու եւ հրէշաւորելու օրերը աւարտած են»,- ըսած է Զինի Օզտիլը` «ձախ կանաչներ» խմբակցութեան պատգամաւորը: «Ես զիս մարդկային այդ տեսակը չեմ համարեր: Ես հոլանտացի եմ»,- ըսած է ազատականներու կուսակցութենէն պատգամաւոր Տիլան Եսիլկէոզը, որ 1984-էն կ’ապրի Հոլանտայի մէջ, ան այդ երկիր հաստատուած է գաղթականի կարգավիճակով:
Նշենք, որ 20-րդ դարու ամենահրէշաւոր այս ոճրագործութենէն աւելի քան 100 տարի ետք Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի երկիրներու միջեւ մշտական լարուածութեան խթան է: 2016-ին Պեռլինի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը յանգեցուց Գերմանա-թրքական բախումին: