Արցախի Հանրապետութեան պետական պիւտճէի աջակցութեամբ՝ ընթացքի մէջ են Ստեփանակերտի «Հայկաւան» թաղամասի ծայրամասային փողոցներուն բարեկարգման աշխատանքները։
Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ կապալառու «Վիրաժ» ԱԿ տնօրէն Վագիֆ Աթայեան ըսած է, որ ծրագիրով նախատեսուած է ամբողջութեամբ բարեկարգել փողոցները:
«Սողանքային գօտիներու մէջ ճամբու եզրերուն կը կառուցուին յենապատեր: Բացի այդ, նոր ճամբաները նաեւ կահաւորուած պիտի ըլլան անհրաժեշտ կառոյցներով: Նախատեսուած է ճարտարագիտական հաղորդակցութիւններու` հեղեղատար կոյուղիի, անձրեւընդունիչներու, կենցաղային կոյուղիներու, ջրատարներու կառուցում»,- նշած է Վ. Աթայեան` աւելցնելով, որ բարեկարգուող փողոցներուն մէջ պիտի տեղադրուին նոր ելեկտրական յենասիւներ եւ լամբեր գիշերային լուսաւորութեան համար:
Անոր խօսքով` աշխատանքները մեկնարկած էին 2017-ի Նոյեմբերին եւ պիտի աւարտին մինչեւ ընթացիկ տարեվերջ: