Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կրթաթոշակի Մրցոյթ կը Յայտարարէ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին աջակցութեամբ՝ կրթաթոշակային (ուսման վարձի փոխհատուցում) մնայուն ֆոնտեր կը գործեն Երեւանի պետական համալսարանի (Գարալեան ֆոնտ) եւ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի (Փիրզադեան եւ Բազարեան ֆոնտ) ուսանողներու համար: Այս մասին կը տեղեկացնեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն։

Կրթութիւնը դարձնելով հասանելի` հիմնադրամը կարեւոր կը համարէ անոր շարունակականութիւնն ու նիւթապէս կ’աջակցի ուսանողներուն։

Կրթաթոշակ ստանալ ցանկացողները պէտք է մասնակցին մտաւոր խաղ-մրցոյթին: Կրնան դիմել բոլոր համալսարաններու` բարձր առաջադիմութիւն, բայց նիւթական ցած հնարաւորութիւն ունեցող ուսանողները:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը պիտի վճարէ երկու յաղթողի մէկ տարուան ուսման վարձը: Մրցոյթը պիտի իրականացուի Օգոստոսի վերջը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին