Ազրպէյճանը հայկական բանակի դիրքերու եւ ՀՀ Տաւուշի մարզի գիւղերէն մէկուն ուղղութեամբ կրակ բացած է հրաձգային զէնքէ։ Ըստ «Սփութնիք Արմէնիա»-ի՝ այս մասին յայտնած է ՊՆ մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:
Ան նշած է, որ ազրպէյճանական ԶՈւ-ն կրակ բացած է հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Կրակի տակ մասամբ յայտնուած է Տաւուշի մարզի գիւղերէն մէկը:
«Մասնաւորապէս կիրառուած է հրաձգային զէնք»,- ըսած է Յովհաննիսեանը, որուն հաւաստիացումով տուժածներ չկան:
Ըստ Յովհաննիսեանի` հայ-ազրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը այժմ հանգիստ է: