Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Փետրուար 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան իրականացուց խորհրդակցութիւն:

Խորհրդակցութեան մասնակիցները ներկայացուցին շաբթուան ընթացքին կատարած աշխատանքները, զեկուցեցին յառաջիկայ ընելիքներու ու ձեռնարկներու մասին:

Նախարարը կարեւոր համարեց «Հայրենադարձութեան մասին» օրէնքի նախագիծի վերջնական ամփոփումը, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի, լրագրողներու 9-րդ եւ ճարտարապետներու ու ճարտարագէտներու չորրորդ համաժողովներու, համահայկական երիտասարդական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու պատշաճ ընթացքը, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100 ամեակներուն նուիրուած համայնքային ձեռնարկներու իրականացումը, հայաստանեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ սփիւռքահայ ուսանողներուն հետ տարուող աշխատանքները:

Ամփոփուեցան Մայրենիի օրուան նուիրուած Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ իրականացուած ձեռնարկներու արդիւնքները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին