«Եւրոտեսիլ 2018»-ին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Սեւակ Խանաղեանը: Փետրուար 25-ի երեկոյեան կայացած «դէպի Եւրոտեսիլ» նախագիծի եզրափակիչ համերգին պայքարեցան տասը մասնակիցներ, որոնց մէջէն՝ միջազգային ժիւրիի եւ հեռուստադիտողի քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք` յաղթող ճանչցուեցաւ Սեւակ Խանաղեանը իր «Քամի» երգով:
Մայիսին Սեւակը պիտի մեկնի Փորթուկալ` Լիզպոն, ուր պիտի կայանայ «Եւրոտեսիլ 2018»-ը:
Հայաստանի ներկայացուցիչը ելոյթ պիտի ունենայ առաջին կիսաեզրափակիչին, որ պիտի կայանայ Մայիս 9-ին: