Նախորդ շաբաթ Հալէպի մէջ նահանգի մակարդակով տեղի ունեցան ուսուցիչներու գիտական ողիմպիականի մրցոյթներ հետեւեալ ոլորտներէն ներս՝ կենսաբանութիւն, քիմիագիտութիւն, ուսողութիւն, բնագիտութիւն, համակարգչային գիտութիւն:
Մրցանակակիրները Դամասկոսի մէջ մասնակցեցան Սուրիոյ մակարդակով տեղի ունեցած եզրափակիչ մրցումներուն:
Կիրակի, 24 Փետրուարին յայտարարուեցաւ մրցումներուն արդիւնքը:
Քիմիագիտութեան մրցումներուն Սուրիոյ մակարդակով երկրորդ հանդիսացաւ հալէպահայ Շաղիկ Տաղլեան-Պարսումեան: