Բոլորը քիչ թէ շատ կը հասկնան, որ հակամարտութեան որեւէ կարգաւորման պարագային Լեռնային Ղարաբաղը պիտի մնայ հայերու հսկողութեան տակ: Այդ մասին «Echo of the Caucasus»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Քարնեկի հիմնադրամի աւագ գիտաշխատող Թոմաս տէ Վաալ` խօսելով Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարներու մասին:
Ըստ «Թերթ․am»-ի՝ վերլուծաբանը նշած է, որ ամենասուր եւ ցաւագին հարցը այն է, որ հայերը կը վերահսկեն ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղը:
«Ես կը կարծեմ, որ բոլորը քիչ թէ շատ կը հասկնան` հակամարտութեան որեւէ կարգաւորման պարագային Լեռնային Ղարաբաղը պիտի մնայ հայերու հսկողութեան տակ: Բայց այստեղ կայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տարածքներու հարցը, որոնք չեն եղած Լեռնային Ղարաբաղի մաս` ԱԶրպէյճանի շրջանները, որոնք նոյնպէս կը գտնուին հայկական զօրքերու հսկողութեան տակ: Ի հարկէ, Պաքուն երբեք չի հաշտուիր այդ տարածքներու կորուստին հետ, ուր կ’ապրէին կէս միլիոն ազրպէյճանցիներ, որոնք մինչեւ այժմ գաղթականներ են:
Իսկ միւս կողմէ, հայկական կողմը ատոնք չի յանձներ, մինչեւ չըլլան անվտանգութեան ամուր երաշխիքներ: Ես կը կարծեմ, որ 20 տարի առաջ շատ աւելի հեշտ էր լուծել այդ հարցը, քան այժմ»,- ըսած է ան:
Փորձագէտը նաեւ նշած է, որ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման վտանգը միշտ մեծ է: Միեւնոյն ժամանակ ան նշած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները պատերազմ չեն ցանկար:
«Ո՞վ վտանգի կը դիմէ եւ նման վտանգաւոր հակամարտութիւն կը սկսի, որ կրնայ յանգեցնել զանգուածային զոհերու եւ աւերածութիւններու: Բայց միւս կողմէ՝ հակամարտութեան մակարդակը շատ բարձր է` փոխադարձ սպառնալիքներ, բանաւոր յայտարարութիւններ եւ շփման գիծին վրայ ծանր սպառազինութեան զանգուածային կուտակում` հրետանի, օդուժ»,- ըսած է տէ Վաալ` նշելով առկայ վտանգները եւ հաշուի առնելով, որ առաջնագիծին վրայ գտնուող հրամանատարները հրադադարի լուրջ խախտման պարագային ստիպուած մնան արագ որոշում կայացնելու եւ չհասցնել կապուիլ Պաքուի կամ Երեւանի հետ:
Տէ Վաալի խօսքով` Կովկասի մէջ «հին» հակամարտութիւնները անկայունութեան կայուն բաղադրիչներ են արտաքին աշխարհի համար: Անոնք, որոնք աւելի ուշադիր ատոնց կը հետեւին, ի հարկէ, կը տեսնեն նոր հակամարտութեան վտանգը, բազում խնդիրներ: Բայց Ուաշինկթընի, Պրիւքսելի եւ այլ մայրաքաղաքներու մէջ կան այլ առաջնահերթութիւններ` Սուրիա, Իրան, Հիւսիսային Քորէա եւ, ի հարկէ, Ուքրանիա, որոնք արեւմտեան քաղաքական գործիչներու համար շատ աւելի սուր խնդիր են, քան Կովկասը:
«Ես կը կարծեմ, որ վտանգ, ի հարկէ, կայ, որովհետեւ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը սառեցուած չէ, ռազմական գործողութիւններու վերսկսման վտանգը բաւական լուրջ է, եւ, ըստ իս, լաւ կ’ըլլար աւելի շատ ուշադրութիւն դարձնել, աւելի շատ ջանքեր գործադրել այժմ, այլ ոչ որոշ ժամանակ անց, երբ հակամարտութիւնը կրնայ անսպասելիօրէն վերսկսիլ»,- ըսած է տէ Վաալ:
Նախապէս Քարնեկի հիմնադրամի աւագ գիտաշխատող Թոմաս տէ Վաալ carnegie.ru-ի մէջ գրած էր, որ Մոսկուան երբեք չէ կառավարած Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, բայց ան կը շարունակէ հակամարտութեան մէջ արտաքին ամենաազդեցիկ ուժը մնալ: Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը կը մնայ «նուազագոյն» նախագիծ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի համար, մինչեւ որ անոր գլխաւոր դերակատարները՝ ինչպէս ներքին, այնպէս ալ արտաքին, չորոշեն վերանայիլ իրենց ռազմավարական առաջնահերթութիւնները: