Ֆրանսայի կառավարութեան աջակցութեամբ 1700 կամաւոր մարդահամար իրականացուցած են՝ բացայայտելով, որ մայրաքաղաք Փարիզի մէջ մօտ 2952 անձ բաց երկինքի տակ կը գիշերէ:
«Russia Today» լրատուական ցանցին փոխանցմամբ, Փարիզի նահանագապետի տեղակալ Պրունօ Ժուլիարտ յայտարարած է մարդահամարի արդիւնքները, որուն իրականացման աշխատանքը իրենց վրայ վերցուցած էին 350 խումբի մէջ բաժնուած կամաւորներ: Վերջիններս, 15 Փետրուարի գիշերուան ժամը 10-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 1, Փարիզի տարբեր թաղամասերը շրջելով, գրանցած են փողոցները գիշերող քաղաքացիներու թիւերը:
Ամենաբարձր թիւերը գրանցուած են քաղաքի հիւսիս-արեւելեան առաւել աղքատ շրջաններուն մէջ, ուր 727 անօթեւան կայ:
Նշուած անօթեւաններէն 377-ը մեթրոյի անցումներուն մէջ կը գիշերէ:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, Յունուարի սկիզբէն մինչեւ Փետրուարի կէսերը Փարիզի մէջ հինգ անօթեւան մահացած է: