Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Նիստը

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ողջունելով յանձնաժողովի անդամներուն՝ նախարարը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ սուրիահայերու համախմբման ուղղութեամբ վերջին տարիներուն իրականացուած աշխատանքներուն եւ նշեց, որ շատ կարեւոր է ճշգրիտ տեղեկութիւն ունենալ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ:

Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակի եւ հայ համայնքներու խնդիրներու մասին զեկուցումով հանդէս եկաւ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմէն Պապիկեան: Ան նշեց, որ սուրիական հակամարտութիւնը թեւակոխած է նոր փուլ, կը շարունակուին սուրիական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ջանքերը: Անդրադառնալով հայկական համայնքին մէջ տիրող իրավիճակին՝ զեկուցողը նշեց, որ վերակառուցման աշխատանքներ կը կատարուին, բացուած է մօտ 1000 աշխատատեղի: Գնահատելով Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակը՝ ան նշեց, որ թէեւ Իրաքի նորագոյն պատմութեան մէջ 2017 թուականը առանձնացած է որպէս ամենադրական եւ խոստումնալից տարին, ազատագրուած է երկրի տարածքներուն մօտ 95 տոկոսը, սակայն հայ համայնքի գլխաւոր խնդիրը կը շարունակէ մնալ անկայուն. տակաւին առկայ են վտանգաւոր վիճակը, անորոշութիւնը, ընկերային դժուարին պայմանները:

2017 թուականին ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ կացութեան կարգավիճակ ստացած սուրիահայերու վերաբերեալ տեղեկատուութիւն ներկայացուց ՀՀ ԿԱ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ Մնացական Բիչախչեան: Զեկուցողը անդրադարձաւ նաեւ ծագած հիմնախնդիրներուն, որոնք հիմնականը կը վերաբերին ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ կացութեան կարգավիճակ ձեռք բերելուն: «Այս տարի ՀՀ քաղաքացիութիւն  ստանալու համար դիմած է 1208 սուրիահայ եւ 1433 լիբանանահայ»,- աւելցուց ան:

ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Բիերվիրթը ներկայացուց 2017-ին իրականացուած աշխատանքները եւ 2018-ի ծրագիրները: Զեկուցողը կարեւորեց սուրիահայերու վերաբերեալ յստակ տուեալներու ստեղծումը, ուր ներկայացուած կ’ըլլան ստոյգ տեղեկութիւններ անոնց թուաքանակի, տեղաշարժերու, կացութեան եւ զբաղուածութեան վերաբերեալ: Ան նշեց, որ պէտք է ամրագրել յաջողութիւնները, մշակել համախմբման  ռազմավարութիւն եւ շարունակել տեղահանուած բնակչութեան կայուն զարգացման քաղաքականութիւնը:

Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան (GIZ) ծրագիրի փորձագէտ Կարինէ Սիմոնեանը զեկուցեց սուրիահայերու տնտեսական միաւորման ուղղութեամբ իրականացուած ծրագիրներու մասին, մասնաւորապէս ներկայացուց սուրիահայերու առեւտուրի կայացման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները:

Ամփոփելով նիստը՝ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարեւորեց սուրիահայերու համախմբման ուղղուած տնտեսական, առողջապահական, կրթական եւ ընկերային ծրագիրներու շարունակականութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գործընկեր կազմակերպութիւններուն անոնց կատարած աշխատանքներուն համար եւ հրաւիրեց Մարտ 6-ին մասնակցելու սուրիահայերու ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէս-տօնավաճառին:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին