Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Հայկական Բուսական Թէյերը Պիտի Արտահանուին Գերմանիա

Գերմանիոյ Նիւրենպերգ  քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Պիոֆախ 2018» օրգանական սննդամթերքի ցուցահանդէսի ծիրէն ներս հայկական «Սարի թէյ» եւ «Անթառամ» ընկերութիւնները գերմանական TeeGschwendner-ի  հետ համաձայնագիր կնքած են բուսական թէյի արտահանման վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնեն Ակբա-կրեդիտ ԱԳՐԻԿՈԼ դրամատունէն:

«Հայաստանեան երկու կազմակերպութիւններու մասին իմացած ենք NABU-ի եւ Ակբա-կրեդիտ ԱԳՐԻԿՈԼ դրամատան կողմէ իրականացուող Օրգանական գիւղատնտեսութեան ծրագիրին միջոցով: Կը կարծեմ, նախագիծը շատ լաւ հնարաւորութիւններ եւ հեռանկար ստեղծած է թէ՛ Հայաստանի մէջ օրգանական թէյ արտադրողներուն, թէ՛  մեզի համար: Այսօր երկու կազմակերպութիւններու  հետ ստորագրեցինք  արտահանման վերաբերեալ համաձայնագիր, բայց պիտի չսահմանափակուինք՝ միայն մեր գործընկերներէն թէյ գնելով․ մենք աւելի լայն համագործակցութիւն կը նախատեսենք:

Առաջին հերթին մեր նոր գործընկերներուն պիտի ծանօթացնենք եւրոպական շուկայի չափանիշները եւ առանձնայատկութիւնները, անոնց աշխատակիցներուն համար նաեւ տեղի պիտի ունենան դասընթացներ: Սա TeeGschwendner-ի կողմէ տարածաշրջանին մէջ իրականացուող առաջին ծրագիրն է, եւ կրնամ ըսել, որ մենք Հայաստանի մէջ գտանք այն, ինչ որ կը փնտռէինք»,- իր խօսքին մէջ նշեց  TeeGschwendner ընկերութեան պատասխանատու Լուքաշ Փարոպին:

TeeGschwendner ընկերութիւնը աշխարհի 4 մայր ցամաքներու 7 տարբեր երկիրներու մէջ ունի աւելի քան 130 մասնագիտացուած խանութ:

«Սարի թէյ» եւ «Անթառամ» ընկերութիւնները անվճար օրգանական արտօնագիր ստացած են Ակբա-կրեդիտ ԱԳՐԿՈԼ դրամատան եւ NABU-ի (Գերմանիոյ բնութեան պահպանութեան միութեան) կողմէ համատեղ իրականացուող Օրգանական գիւղատնտեսութեան զարգացման ծրագիրի ծիրէն ներս:

Օրգանական գիւղատնտեսութեան զարգացման ծրագիրը կ’իրականացուի Ակբա-կրեդիտ ԱԳՐԻԿՈԼ դրամատան յաճախորդներուն համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին