«Այն ինչ որ տեսայ այս թանգարանին մէջ որպէս լուսանկար կամ փաստաթուղթ կը պատմեն հայ ժողովուրդի արիւնոտ անցեալին մասին, որուն նմանը հազիւ թէ պատահած ըլլայ պատմութեան մէջ, եւ այս կրկին կը մղէ զիս վերահաստատելու իմ միտքը, թէ պէտք է իրականանայ այդ դատին ըլլալիք արդարութիւնը, որպէսզի մաքրուի յիշողութիւնը եւ վերականգնի վստահութիւնը եւ որ արդարութիւնը պիտի յաղթէ չարին։
Ողջոյն հայ ժողովուրդի մեծութեան, որ, հակառակ աղէտներուն, դժուարութիւններուն ու կոտորածներուն, կրցաւ ստեղծել հայրենիք մը, որով կը հպարտանայ։ Ան կը կրէ իր դարաւոր քաղաքակրթութիւնը ու կը յառաջդիմէ դէպի աւելի լաւ ապագայ»։
Իմատ Միշէլ Աուն
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ
Երեւան, 21 Փետրուար 2018